ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
… Կ’ըսուի, թէ օր մը զինեալ ոճրագործներ գիւղ մը կը մտնեն, ուր կը բռնաբարեն հոն գտնուող բոլոր կիները, բացի անոնցմէ մէկէն, որ կը դիմադրէ ու զինք վնաս հասցնել ու պատիւը արատաւորել փորձողին գլուխը կը կտրէ:
Երբ ոճրագործները իրենց քստմնելի արարքը աւարտած կը ձգեն գիւղը, կիները դուրս կու գան իրենց տուներէն՝ իրենց պատռտած հագուստները ժողուելով ու սրտի կսկիծով լալով: Դուրս կու գայ նաեւ դիմադրած կինը՝ ոճրագործին կտրուած գլուխը իրեն հետ շալկած ու հպարտ:
Երբ միւս կիները իրեն հարց կու տան, թէ ի՞նչպէս յաջողեցաւ փրկուիլ, քաջ կինը կը պատասխանէ. «Հապա կ’ուզէիք թոյլ տայի՞, որ ան ինծի հետ ուզածը ըներ, ու ես չսպաննէի՞ զինք»:
Գիւղի կիները իրար կը նային ու գաղտնի կ’որոշեն, որ պէտք է սպաննել քաջ կինը, որպէսզի ան իր պատուախնդրութեամբ իրենցմէ վեհ դուրս չգայ եւ իրենց ամուսինները իրենց չայպանեն, որ ինչո՞ւ իրենք ալ չդիմադրեցին: Այսպէս բոլորը միասին կը յարձակին կնոջ վրայ ու կը սպաննեն զինք, երբ ան իր առտնին գործերով զբաղած ու տարուած էր:
Կը սպաննեն պատիւը, որպէսզի ապրի ամօթը…:
Այս է պարագան, սիրելի՛ ընթերցող, մեր հասարակութեան բոլոր փտածներուն, նախանձոտներուն ու անամօթներուն: Անոնք կը պայքարին պատուախնդիր, առաքինի ու ազնիւ անհատներուն դէմ, որպէսզի անոնք վկաները չըլլան իրենց փտածութեան, անսկզբունքայնութեան ու ապիկարութեան: