Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Արա Պապլոյեան Ընդունած Է ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամի Հայաստանեան Գրասենեակի Ղեկավարը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան Օգոստոս 20-ին ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Մանկական հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչան:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով հիւրը, խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծած է, որ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրները մշտապէս կը գտնուին իր ուշադրութեան կեդրոնին: Արա Պապլոյեանի խօսքով` այս առումով չափազանց կարեւոր է ապահովել Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներու շարունակականութիւնը:

Երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան թեմայի լոյսին տակ խօսելով ներառական կրթութեան մասին` խորհրդարանի ղեկավարը շեշտած է, որ յատկապէս զարգացման խնդիրներ ունեցող երեխաներու պարագային ներառական կրթութեան ապահովումը պէտք է դիտարկել որպէս համաշխարհային նպատակ: Ըստ Արա Պապլոյեանի` այս առումով պետութեան հոգածութեան ներքոյ պէտք է ըլլան այնպիսի հարցեր, ինչպիսին են, օրինակ, խնդիրներու կանուխ յայտնաբերումը, ապա անհրաժեշտ միջամտութեան ցուցաբերումն ու հասարակական կեանքին երեխաներու ամբողջական ներգրաւումը ապահովելը:

Թանիա Ռատոչան կարեւորած է Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացը: Ան գոհունակութիւն յայտնած է նախորդ տարի երեխաներու համաշխարհային օրուան առթիւ ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի՝ խօսափողը գոնէ մէկ օրով երեխաներուն տրամադրելու համաշխարհային նախաձեռնութեան միանալու առնչութեամբ:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են ինչպէս երեխաներու համաշխարհային օրուան, այնպէս ալ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերող շարք մը խնդիրներու լուծման ուղղուած համատեղ նախաձեռնութիւններ ու միջոցառումներ իրականացնելու հնարաւորութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին