Միջուկային գործարք կնքելու Թեհրանի որոշումը կրնար սխալ ըլլալ, քանի որ ԱՄՆ-ը այլ պետութիւններու նկատմամբ պատժամիջոցներ սահմանելու հիւանդագին կախուածութիւն ունի: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ Ճաւադ Զարիֆը «CNN» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
Խօսելով գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրին շուրջ Իրանի իշխանութիւններու՝ Ուաշինկթընի հետ համաձայնութեան երթալու պատրաստակամութեան մասին՝ Զարիֆը արձանագրած է. «Մենք կը կարծէինք, թէ ԱՄՆ-ը ըմբռնած է, որ, յամենայնդէպս, երբ խնդիրը կը վերաբերի Իրանին, պատժամիջոցները տնտեսական դժուարութիւններ կը ստեղծեն, բայց ծրագրուած արդիւնքներու չեն բերեր քաղաքականութեան ոլորտին մէջ,- աւելցուցած է ան:- Եւ ես կը կարծէի՝ ամերիկացիները իւրացուցած են այդ դասը: Ցաւօք, ես սխալեցայ»:
«Կը կարծեմ՝ ԱՄՆ-ը հիւանդութիւն ունի՝ պատժամիջոցներու դիմելու հակումը»,- ըսած է ան:
Իրանի ԱԳ նախարարին հարցուցած են, թէ Ռոուհանիի համար կրնա՞յ արդեօք օգտակար ըլլալ Թրամփի հետ անձնական հանդիպումը: «Ժամանակին մեր կողմէ ձեռք բերուած յառաջընթացը ետ շպրտուեցաւ»,- նշած է ան: Զարիֆի խօսքով՝ գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրին շուրջ Ուաշինկթընի հետ պայմանաւորուածութիւնները «լակմուսի թուղթ էին՝ որոշելու՝ կրնա՞նք մենք արդեօք վստահիլ ԱՄՆ-ին, թէ ոչ»:
Նախարարի կարծիքով՝ ստեղծուած պայմաններուն մէջ Թրամփը պէտք է ապացուցէ, որ «յուսաելի գործընկեր է»: «Եթէ մենք այժմ ժամանակ ծախսենք, եւ ան ստորագրէ այլ համաձայնագիր… Որքան երկար կը պահանուի անիկա: Մինչեւ այս վարչակազմի իշխանութեան գլուխ գտնուի՞լը»,- նշած է Զարիֆը:
ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Մայիս 8-ին յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը դուրս կու գայ միջուկային ծրագիրի վերաբերեալ Իրանի հետ համաձայնագիրէն եւ կը վերականգնէ Իրանի դէմ բոլոր պատժամիջոցները, այդ կարգին՝ պատժամիջոցները այն երկիրներուն նկատմամբ, որոնք առեւտրական գործարք կը վարեն Իրանի հետ:
«Վեցեակի մնացած անդամները դէմ արտայայտուած են ԱՄՆ-ի այդ քայլին: Ուաշինկթընի եւրոպական գործընկերները յայտարարած են, որ մտադիր են պահպանել Իրանի հետ կնքուաւծ գործարքի պայմանները:
Իրանը եւ միջազգային բանակցորդներու «վեցեակը» 2015 թուականի Յուլիս 14-ին պատմական համաձայնութեան հասած են իրանական բազմամեայ միջուկային հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ: Երկարատեւ բանակցութիւնները աւարտած են գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրի ընդունումով:
2016 թուականի Յունուար 16-ին յայտարարուած է ԳՀՀԾ-ի իրականացումը սկսելու մասին, որուն հաւանութիւն տրուած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւով: Այդ ծրագիրը կը նախատեսէ աւելի կանուխ ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Եւրամիութեան կողմէ Իրանի նկատմամբ սահմանուած տնտեսական ու ֆինանսական պատժամիջոցներու վերացում: Փոխարէնը Թեհրանը պարտաւորուած է սահմանափակել իր միջուկային գործունէութիւնը՝ զայն դնելով միջազգային հսկողութեան ներքոյ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը: