«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նահատակաց Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն 14 տարի ետք, որ ցնցում յառաջ բերաւ ամբողջ երկրի տարածքին, Լիբանան վերջապէս պիտի կարենայ որոշակի պատասխան ակնկալել 2019-ի կէսերուն Լիբանանի յատուկ Միջազգային ատեանի կողմէ:
«2018-ի Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթներուն, զոհերու օրինական ներկայացուցիչներն ու պաշտպանութեան մարմինը պիտի ունենան իրենց եզրափակիչ առարկութիւնները ատեանին առջեւ»,- ըսաւ յատուկ ատեանի մամլոյ խօսնակ Ուաժըտ Ռամատան:
«Բոլոր կողմերն ու զոհերու օրինական ներկայացուցիչները իրենց եզրափակիչ առարկութինները ներկայացնելէ ետք, անհրաժեշտութեան պարագային, տեղի պիտի ունենայ փոխպատասխանի հնարաւորութիւն»:
«Վերջին խօսքը պիտի տրուի մեղադրեալներուն իրենց պաշտպանական կազմերու հետ մէկտեղ: Այնուհետեւ ատեանը պիտի կարենայ իր վճիռը արձակել: