Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

Արցախի Մէջ Համակարգային Փոփոխութիւններ Կը Սպասուին

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնքի»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախը կանգնած է մեծ փոփոխութիւններու շեմին: Կայ փոփոխութիւններու հասարակական պահանջարկը, կայ նաեւ իշխանութիւններու կողմէ այդ փոփոխութիւնները իրականացնելու անհրաժեշտութեան գիտակցումը: Օգոստոս 14-ին երկրի ղեկավարի նախագահութեամբ անվտանգութեան խորհուրդի նիստը կայացած է: Բակօ Սահակեանը նախատեսուող փոփոխութիւններուն ընդհանուր տրամաբանութեան մասին խօսած է:

Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը յաջորդած է նախագահականի մէջ կայացած հանդիպումներու շարքին՝ քաղաքական, հասարակական կազմակերպութիւններու, տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Քննարկումներու օրակարգին վրայ հիմնականօրէն Արցախի ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր եղած են: Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նախագահ Սահակեանը մօտ մէկ ամիս տեւած հանդիպումներու ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներէն ընդհանուր եզրակացութիւնը կը ներկայացնէ. հանրութեան մօտ հասունցած է փոփոխութիւններու պահանջարկ: Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին փաստը արձանագրած եւ զայն բնական որակած է Արցախի նախագահը: Բակօ Սահակեանը խոստացած է՝ փոփոխութիւններ կ’ըլլան, սակայն առկայ մարտահրաւէրները չթերագնահատելով: «Փոփոխութիւնները անհրաժեշտ են եւ անխուսափելի: Բայց անոնք պէտք է իրականացուին ունեցած դրականը պահպանելու, զարգացնելու եւ կատարելագործելու ճամբով: Մենք չենք կրնար դէմ ըլլալ բարեփոխումներուն, սակայն իրավիճակը, ուր յայտնուած ենք ազգովի, կը պարտաւորեցնէ մեզ աւելի զգօն ըլլալ»,- ընդգծած է նախագահ Բակօ Սահակեանը: Փոփոխութիւններու պահանջարկը հասունցած է ե՛ւ հասարակական յարաբերութիւններուն, ե՛ւ պետական համակարգի, ե՛ւ այդ համակարգէն ներս իրականացուող բազմաթիւ ծրագիրներուն մէջ: Բարեփոխումներու որոշակի դրսեւորումները արդէն կան: Շարունակութիւնը պիտի ըլլայ աւելի ընդգրկուն, համակարգային, սակայն ամենակարեւորի մասին չմոռնալով: Պատմական զարգացումներու բերումով՝ Արցախը այսօր դարձած է համայն հայութեան համար առաջնագիծ: Արցախի սահմաններուն հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն պէտք է դիտարկուի որպէս հայութեան համընդհանուր տարածքի հանդէպ ոտնձգութիւն՝ անկէ բխող պատասխանատուութեան ամբողջ ծանրութեամբ: Այս հրամայականի գիտակցումով՝ բարեփոխումներու հարցին մէջ ալ յատուկ տեղ կը զբաղեցնէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգը: Այս ոլորտէն ներս բարեփոխումներու լայնածաւած փուլ մը մեկնարկած է 2016-էն: «Պիտի շարունակենք ծաւալուն աշխատանքներ իրականացնել առաջնագիծի ամրապնդման, զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման, բանակը ժամանակակից զինամթերքներով համալրման, զինծառայողներու ընկերային պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ»,- անվտանգութեան ոլորտէն ներս ընելիքները ընդհանուր գիծերու մէջ շարադրած է նախագահ Սահակեանը:

Բարեփոխումներէն անմասն պիտի չմնայ պետական համակարգը՝ իր բոլոր բաղադրիչներով: Հրամայականը համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացումն է: Կրթութենէն մինչեւ առողջապահութիւն՝ բոլոր ոլորտներուն մէջ համակարգային փոփոխութիւններ կը նախանշուին: Անոնք յաջողութեամբ կեանքի կոչելու գրաւականը պէտք է ըլլայ անձնակազմային քաղաքականութիւնը: Այս ուղղութեամբ որոշ քայլեր արդէն սկսած են: Կը շարունակուին: «Անձնակազմերու հետ տարուող աշխատանքը, իրենց ոլորտներուն նկատմամբ պատասխանատուութեան բարձրացումը, պաշտօնական գործառոյթներու նկատմամբ իրականացուող վերահսկողութիւնը կ’ըլլան մշտական»,- անվտանգութեան խորհուրդի նիստին անգամ մը եւս ընդգծած է Բակօ Սահակեանը:

Բարեփոխումները պիտի ընդգրկեն հանրապետութեան ամբողջ տարածքը: Սակայն սահմանամերձ բնակավայրերու նկատմամբ վերաբերմունքը պիտի ըլլայ աւելի ընդգծուած: Սահմանամերձ բնակավայրի բնակիչը ինքնիրեն պէտք է ուշադրութեան կեդրոնին զգայ՝ իր հերթին ամուր պահելով սահմանը պահող զինուորի թիկունքը: Յաջող փորձը արդէն կայ, յիշեցուցած է Արցախի նախագահը՝ մատնացոյց ընելով Թալիշի, Մատաղիսի մէջ իրականացուած եւ դեռ շարունակուող ծրագիրները:

Տարածքային կառավարման հարցին մէջ որոշիչ պիտի ըլլայ մօտիկ ապագային տեղական ինքնակառավարման ոլորտը կարգաւորող օրէնսդրական փոփոխութիւններու իրականացումը: Նախագահը կը կարեւորէ յատկապէս այդ օրէնքներու մշակման հասարակութեան լայն ու բազմակողմանի մասնակցութիւնը:

Պետական միջոցներու տնօրինումը, իւրաքանչիւր պաշտօնեայի աշխատանքը կ’ըլլայ առաւելագոյնս թափանցիկ: Իշխանութեան թեւերու հակակշռման եւ փոխհսկողութեան աւանդական համակարգերէն բացի՝ կ’ամրապնդուի նաեւ բոլորին հանդէպ հասարակութեան հսկողութիւնը: Հասարակութիւնն ալ անոր համար լրացուցիչ հարթակներ կ’ունենայ: Անոնցմէ մէկը կրնայ դառնալ հանրային խորհուրդը: Նախագահը լաւատես է. համատեղ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել առկայ մարտահրաւէրները:

 

Արցախի Ռազմաօդային Ուժերու Հնարաւորութիւնները Կ’ընդլայնուին

 

 

Օգոստոս 18-ին Արցախ կը գտնուէր ՀՀ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ Արտակ Դաւթեանը: Ան հանդիպումներ ունեցած է Արցախի նախագահին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ: Քննարկուած են հայկական երկու պետութիւններու զինուած ուժերու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հայկական երկու պետութիւններու զինուած ուժերու համագործակցութեան եւ գործողութիւններու համադրման ծրագիրի ծիրէն ներս Արցախի պաշտպանութեան բանակի ռազմաօդային ուժերը յառաջիկային կ’ապահովուին ժամանակակից զինատեսակներով: Ստեփանակերտի մէջ այս մասին առաջին անգամ յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ, սպարապետ Արտակ Դաւթեանը. «Քննարկած ենք Արցախի Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերու զարգացումը, ինչ որ մեծապէս կը կարեւորեմ»:

         Մանրամասնութիւնները քննարկուած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումին, որուն մասնակցած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանը: «Արցախի նախագահին հետ քննարկեցինք հարցեր, որոնք կ’առնչուէին զինուած ուժերուն եւ այնպիսի խնդիրներու, որոնց լուծման ուղղութեամբ պէտք կատարուին անհրաժեշտ աշխատանքներ»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ Արտակ Դաւթեանը:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարն ու ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետը այցելած են կեդրոնական ենթակայութեան շարք մը զօրամասեր, քննարկած հայկական երկու պետութիւններու ռազմական գերատեսչութիւններու համագործակցութեան հետագայ ընելիքները: Արտակ Դաւթեանը համագործակցութեան առկայ մակարդակէն գոհ է: «Գործերը կ’ընթանան: Կ’ընթանան աւելի արագ, քան կը նախատեսէինք: Եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է աւելի ընդլայնենք համագործակցութիւնը»,- գոհունակութիւնը չի թաքցներ ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր հրամանատարակազմի պետը:

         Արցախի բանակը վերազինուած է: Պաշտպանական բնագիծը ամրացուած է, համալրուած դիտարկման ու հետախուզութեան նոր համալիրներով: Ժամանակակից տեսադիտարկման միջոցներու շնորհիւ՝ հակառակորդը կը դիտարկուի պետական սահմանի ամբողջ երկայնքով: Անոր շնորհիւ Օգոստոս 17-ին կանխուած է հակառակորդի կողմէ արցախա-ազրպէյճանական սահմանին թշնամիի ուշադրութիւնը գլխաւոր հարուածի ռազմաբեմէն հեռացնելու նպատակով կատարուած ռազմական կողմնակի գործողութեան ներթափանցման հերթական փորձը: Արտակ Դաւթեան անսպասելի չի համարեր ոչ հակառակորդի կողմէ հերթական սադրանքը, ոչ անոր՝ արցախեան կողմէ տրուած հակահարուածը. « Փորձած են, հակահարուած ստացած եւ ետ քաշուած են: Ուրբաթ օրուան դէպքերը ցոյց տուին, որ ՊԲ-ն ամբողջապէս կը տիրապետէ առաջնագիծին, իսկ ՀՀ ԶՈւ-ն պատրաստ է աջակցելու եւ օգնութեան գալու»:

         Արտակ Դաւթեան անդրադարձած է նաեւ նախիջեւանեան ուղղութեամբ վերջին զարգացումներուն եւ վստահեցուցած, որ  սահմանի այդ հատուածին մէջ ալ հայ դիրքապահները կը վերահսկեն Ազրպէյճանի զինուած ուժերու որեւէ տեղաշարժ:

 

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին