Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

2019-ին Բերձորը Ժամանակակից Չափանիշներու Համապատասխան Նոր Հիւանդանոց Պիտի Ունենայ

Արցախի կառավարութեան եւ «Վիւա-սել- ՄՏՍ Արմէնիա» ընկերութեան համաֆինանսաւորմամբ Բերձորի մէջ նոր հիւանդանոց կը կառուցուի:

Ըստ «Արցախփրես»-ի Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան շինարարութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լեւոն Հարոյեան ըսած է, որ բժշկական հաստատութեան շինարարական աշխատանքները սկսած են  2012 թուականէն:

Անոր խօսքով` հիւանդանոցը եռյարկանի է, ներառեալ նկուղային յարկը: Շինարարական  աշխատանքներու մեծ  մասը  աւարտած  է: Այժմ  կ’ընթանայ շինութեան ներքին յարդարման եւ յատակներու տեղադրման աշխատանքները: Պիտի իրականացուի նաեւ տարածքի բարեկարգում:

«Հիւանդանոցի շէնքը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ ժամանակակից  չափանիշներուն: Բերձորի բժշկական հաստատութիւնը պիտի ունենայ վիրահատարան, ծնարան, դիահերձարան, մանկական բաժանմունք եւ կայուն բուժման համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցները»,- տեղեկացուցած է Հարոյեան եւ նշել, որ հիւանդանոցը շահագործման պիտի յանձնուի 2019-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին