Արցախի կառավարութեան եւ «Վիւա-սել- ՄՏՍ Արմէնիա» ընկերութեան համաֆինանսաւորմամբ Բերձորի մէջ նոր հիւանդանոց կը կառուցուի:
Ըստ «Արցախփրես»-ի Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան շինարարութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լեւոն Հարոյեան ըսած է, որ բժշկական հաստատութեան շինարարական աշխատանքները սկսած են 2012 թուականէն:
Անոր խօսքով` հիւանդանոցը եռյարկանի է, ներառեալ նկուղային յարկը: Շինարարական աշխատանքներու մեծ մասը աւարտած է: Այժմ կ’ընթանայ շինութեան ներքին յարդարման եւ յատակներու տեղադրման աշխատանքները: Պիտի իրականացուի նաեւ տարածքի բարեկարգում:
«Հիւանդանոցի շէնքը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ ժամանակակից չափանիշներուն: Բերձորի բժշկական հաստատութիւնը պիտի ունենայ վիրահատարան, ծնարան, դիահերձարան, մանկական բաժանմունք եւ կայուն բուժման համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցները»,- տեղեկացուցած է Հարոյեան եւ նշել, որ հիւանդանոցը շահագործման պիտի յանձնուի 2019-ին: