Զրոյցը վարեց՝ ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
«ՆՈՐԱՆՈՐ» Կայքի Թղթակից
Լրացաւ Հայաստանի նոր կառավարութեան 100 օրը: Թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ իշխանութեան եկած վարչապետի ու նախարարներու պաշտօնավարման եռամսեակը հարուստ էր իրադարձութիւններով, որոնց նկատմամբ հայ ժողովուրդի գնահատականը միանման չէ:
Ոմանք այն կարծիքին են, որ 100 օրը կարճ ժամկէտ է, հետեւաբար կարելի չէ նախանշել ընելիքները, իսկ միւսները վստահ են, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը պիտի չյաջողի իրականացնել յեղափոխութեան ընթացքին տրուած խոստումները: Անկախ տարակարծութիւններէն՝ Հայաստանի մէջ նոր իրականութիւն է: Noranor.ca-ը փորձած է Ամերիկայի, Գանատայի եւ Լիբանանի գաղութներու գործիչներուն գնահատականները ներկայացնել իրավիճակին վերաբերեալ:
«ՆՈՐԱՆՈՐ» – Ի՞նչպէս կը գնահատէք Հայաստանի նոր կառավարութեան 100 օրը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ – ԱՄՆ «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր
Հայաստանի նոր կառավարութեան 100 օրը խոստմնալից կը համարեմ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր
100 օրը, բացի իր մարդկային փորձութիւններով լեցուն ցուցադրական (ձերբակալութիւններ եւ այլն) եւ երիտասարդ նախարարներու ինքնահաստատման պահանջներէն, մեկնելով երբեմն անտեղի յայտարարութիւններէն ու վարուելակերպէն՝ մեծ իրագործում մը չըրաւ: Ընդհակառակը յայտնի դարձուց, որ քատրային պակասը եւ ներկայ պաշտօնակատարներու լուրջ հարցերու նկատմամբ՝ կրնայ ըլլալ լաւ եւ ազնիւ նպատակներով, սակայն մերթ ճահելական եւ երբեմն ալ անփորձ մօտեցումը կրնայ շուտով լուրջ բեռ հանդիսանալ վարչապետին, հետեւաբար նաեւ նոր վարչակարգին, որուն համար մեր պարտականութիւնը կը համարենք վարչապետ Փաշինեանի ազնիւ ուշադրութեան յանձնել այս պարագան:
ԱՐԱՄ ԷԼԱԿՈԶ – Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ
Որպէս Գանատայի ժողովրդավարական եւ իրաւահաւասար հասարակութեան մէջ ապրող հայ՝ ես շատ դրական կը գնահատեմ Հայաստանի մէջ ընթացող փոփոխութիւնները: Ես կը ցանկայի, որ կանայք աւելի շատ իշխանութիւն ունենային, քանի որ Հայաստանի մէջ այս մշակոյթը ձեւաւորուած չէ:
100 օր… տրուած բազմաթիւ խոստումներ: Ժամանակն է պահանջելու: Հասարակութիւնը պէտք է համբերատար ըլլայ եւ շարունակէ աշխուժօրէն մասնակցիլ քաղաքական կեանքին, ինչպէս առաջին օրերուն:
«ՆՈՐԱՆՈՐ» – Այս ընթացքին նոր կառավարութիւնը աւելի ոգեւորե՞ց իր քայլերով, թէ հիասթափեցուց հասարակութիւնը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ – Նոր կառավարութիւնը իր քայլերով զիս ոգեւորած է: Իմ շրջապատս նոյնպէս ոգեւորուած է: Իմ ստացած զգայնութիւններս այստեղէն (ամերիկեան ցամաքամասէն) եւ Հայաստանէն դրական են:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Իբրեւ յեղափոխութիւններով եւ, այսպէս կոչուած, գարուններով լի աշխարհատարածքի մէջ ապրող անհատ, ինչպէս նաեւ մասնագիտութեան բերմամբ հին եւ նոր յեղափոխութիւններու պատմութեան ծանօթ անձ՝ առաջին իսկ օրէն այնքան ալ խանդավառ չէի Հայաստանի մէջ կատարուածով, թէկուզ ան թաւշեայ կոչուած էր: Անոր գործընթացին մէջ տեղ գտած փոփիւլիզմի անհաշիւ օգտագործումը լուրջ մտահոգութիւն էր ինծի, որովհետեւ փոփիւլիզմի առթած խանդավառութիւնը տեսականօրէն շատ արագ կը վերածուի հիասթափութեան, բան մը, որ չափազանց վտանգաւոր է մեր հայրենիքին համար: Արդար ըլլալու համար այն ալ ըսեմ, որ որպէս սփիւռքահայ իմ եւ իմ նմաններուն առաջնահերթութիւնը հայրենաբնակ իմ ազգակիցներուս հետ համեմատած այնքան ալ ընկերատնտեսական չէ, որքան ապահովական ու ամէն բանէ առաջ կայուն հայրենիք մը ունենալու իղձ:
Կ’ընդունիմ, որ զգացական ոգեւորութիւնը տակաւին մեծ դեր ունի (փաստը 17.08.2018-ի հանրահաւաքը, որ, հակառակ ամէն տեսակի խօսակցութիւններուն, յաջողապէս կայացաւ ի վերջոյ): Ամէն պարագայի, մարդկային երեւոյթ է, որ մարդ արարածը դիւրաւ չընդունի իր սխալ ըլլալը, այսինքն՝ յեղափոխութեան օրերուն, մեծ յոյսերով իր օրն ու գիշերը փողոցը անցուցած քաղաքացին դժուար է ընդունի, որ սխալ ըրած է, հետեւաբար «Փաշինեան երեւոյթ»-ը տակաւին երկար իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ եւ պիտի ունենայ ու վարչապետին անձին՝ ինչ-ինչ պատճառներով ժողովրդային լայն խաւերու վրայ ունեցած անձնական վարկը տակաւին որոշ շրջան մը կառավարութեան գոյնը պիտի վարդագոյն պահէ, սակայն ամէն ինչ սահման մը ունի եւ ես յոյսով եմ, որ ինք գիտակցելով այդ սահմանը, իր վայելած վարկը յումպէտս պիտի չվատնէ ու իր խումբին մօտ սրբագրէ անոնց ունեցած բացթողումները, քանի ուշ չէ:
Այս չի նշանակեր, սակայն, որ ժողովուրդին մօտ լուրջ հարցադրումներ չկան այսօր: 100-րդ օրուան կապակցութեամբ ես ալ ունիմ իմ հետեւեալ հարցադրումները.
Ա. Ի՞նչ տնտեսական ցուցանիշներ գրանցուած են Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելէն ետք: Միջին ու փոքր ձեռնարկութիւնները շահա՞ծ են, թէ տուժած: Գնա՞ճ եղած է, թէ գնանկում:
Բ. Արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ քաղաքական ի՞նչ շաւիղ վերցուցած ենք, կամ ընդհանրապէս վերցուցա՞ծ ենք, թէ ոչ: Յստակութիւն կա՞յ այստեղ, թէ ոչ:
Գ. Ներպետական կնճռոտ հարցերուն ինչպիսի՞ լուծումներ գտնուած են: Օրինակի համար, Ամուլ սարի խնդրայարոյց հարցին մէջ ի՞նչ դիրքորոշում որդեգրած է կառավարութիւնը: Հետագային նմանատիպ կնճռոտ հարցերու պարագային ալ կառավարութիւնը այսպիսի լուծումնե՞ր պիտի տայ, աւելի ճիշդը՝ որեւէ լուծում չտայ:
Դ. Իրաւական պետութիւնը երթալով կը կայանա՞յ, թէ հակառակը:
Ե. ՀՀ սահմաններուն անվտանգութիւնը բարձրացա՞ծ է, թէ հակառակը:
Վստահ եմ, որ ՀՀ իւրաքանչիւր բնակիչ քաղաքացի իր մէջ ունի այս հարցերուն պատասխանները: Կը մնայ, որ ազգովին յենելով տրամաբանութեան եւ ո՛չ զգացականութեան վրայ՝ այլեւս ընենք համապատասխան հետեւութիւններ:
Մինչ այդ կ’ուզեմ հաւատալ, որ վարչապետ Փաշինեան լաւ կ’օգտագործէ իր առջեւ ունեցած «բարեշնորհ ժամանակամիջոցը» (grace period) եւ ձեւը կը գտնէ առաջքը առնելու ժխտական հետեւութիւններու:
ՆՈՐԱՆՈՐ – Ի՞նչ փոփոխութիւններ կը ցանկայիք տեսնել իրենց գործողութիւններուն մէջ: Ո՞ր ոլորտները աւելի կը թերանան:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ – Կը ցանկայի, որ իրենց առօրեայ պարտադիր պարտականութիւններուն զուգահեռ՝ վիճակին աւելի լաւ տիրապետելու յաւելեալ ճիգ գործարկեն, որուն փաստը պիտի ըլլայ պիւտճէի պատրաստութիւնը:
Բացի քանի մը նախարարութիւններէ՝ պաշտպանութիւն, արտաքին, գիւղատնտեսութիւն, տնտեսական ներդրումներ, կրթութիւն, կառավարութեան գործունէութեան լուսաբանութիւնները, որոնց կը փորձեմ առաւելագոյն կեդրոնացումով հետեւիլ, շատ մեծ նորութիւններ չեն բերած տակաւին: Սփիւռքի նախարարութիւնը տակաւին ինքզինք չէ գտած ու իր նոր դրոշմը չէ դրած այդ ոլորտին վրայ: Ժամանակ պէտք ունին բոլորն ալ: Բայց նաեւ ժամացոյցի դէմ մրցումի թափով ու հեւքով աշխատանք պէտք է տեսնենք, զգանք, մանաւանդ որ նոր ու թարմ մօտեցում խոստացուած է: Բաց ձգուած կը թուի նաեւ սփիւռքեան հնարաւորութիւններու ներգրաւման ուղղուած նախաձեռնութիւնները:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Այս հարցին պատասխանը պիտի ցանկայի ձգել հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին, անոնց առարկայական միտք ունեցող խումբին, որոնք գետնի վրայ ապրելով աւելի լաւը կրնան գնահատել, թելադրել կամ առաջարկել: Մինչ այդ, դուրսէն դիտելով ես հետեւեալները կրնամ ցանկալ.
Ա. Քանի որ յեղափոխութեան հիմնական յենարաններէն մին օլիկարխական դրութենէ ձերբազատուիլն էր, հիմա որ սկզբունքով մենաշնորհումներ չկան, պիտի ուզէի շատ շուտով մենաշնորհի մը պարտադրած սպառողական շատ մը ապրանքներու անմրցակից գիներու կտրուկ անկում մը տեսնել:
Բ. Ցուցադրական կամ ոչ ցուցադրական ձերբակալութիւններու եւ հետապնդումներու միջոցաւ գրաւուած գումարներ (եթէ հաւատանք հրապարակուած տուեալներուն), որոնք սկզբունքով պէտք է պետական գանձը հարստացնեն եւ այդպիսով քաղաքացիին ընկերատնտեսական իրավիճակը բարեկարգող ծրագիրներու մշակման ու անոնց անմիջական գործադրութեան ծառայեն: Օրինակի համար թոշակառուի մը ամսական թոշակը 1000 դրամով մը յաւելել…: Վերջապէս առնել այնպիսի քայլեր, որ քաղաքացին (որ նախարար, փոխնախարար կամ պետական պաշտօնակատար չդարձաւ) հաւատայ, որ ինք անձամբ կենցաղային իմաստով ինչ որ բան օգտուեցաւ այս յեղափոխութենէն:
Գ. Գետնի թէ ընկերային համացանցի վրայ իրար չհանդուրժող, իրար չյարգող եւ ինչ որ տեղ իրար վատ բան ցանկացող եւ իրար հանդէպ ատելութեամբ լի վերաբերմունքը նուազի, այսպէս կոչուած, յեղափոխականներու եւ հակայեղափոխականններու միջեւ, որովհետեւ ազգային անվտանգութիւնը նաեւ մեծապէս կախեալ է այս բանէն:
Դ. Պրն. Փաշինեանի քաղաքական ողջ փորձառութիւնը, այն ալ տարիներու վրայ շարունակաբար երկարած, իր մօտ թրծած է ընդդիմադիր հոգեբանութիւն, որ ի վերջոյ զինք հասցուց իշխանութեան: Իմ անկեղծ փափաքս է, որ վերջապէս ան շուտ կատարէ ընդդիմադիրէ դէպի իշխանութեան գլուխ եղող անձի հոգեբանութիւնը որդեգրելու յարմարումը (adaptation): Որովհետեւ իմ համեստ կարծիքով եւ տեսականօրէն՝ ընդդիմադիր ըլլալու իրավիճակը, գործելաոճն ու վերաբերմունքը հիմնականօրէն տարբեր են իշխանութեան գլուխ եղողի իրավիճակէն, գործելաոճէն ու վարուելակերպի ձեւերէն: Որքան շուտ եւ բարեյաջող ըլլայ յարմարեցումի այս գործընթացը, այնքան բարեյաջող, հեզասահ ու երկարակեաց կ’ըլլան իր իշխանութեան օրերը:
Վերջապէս, բոլոր յեղափոխութիւններու հանդէպ իմ ունեցած վերապահութիւններս Ապրիլեան օրերուն պատճառ էին, որ խանդավառ չըլլամ անոր յաջողութեամբ: Սակայն հիմա որ Նիկոլ Փաշինեան հասած է իշխանութեան, իմ փափաքս է, որ ան ինքզինք եւ իր խումբը հաւասարակշռելով մնայ իշխանութեան գլուխ, որովհետեւ իր տարբերակը կամ դարձեալ իշխանափոխութեան գործընթացի մը մէջ մտնելու տարբերակը կրնայ արիւնալի ըլլալ այս անգամ կամ նուազագոյնը մեր սիրելի հայրենիքին մէջ մեծ ցնցումներ յառաջացնող պետական յեղաշրջում կամ բռնատիրութեան մը հաստատումի անբաղձալի փաստը կրնայ ըլլալ:
ԱՐԱՄ ԷԼԱԿՈԶ – Որոշ մտահոգութիւններ, որոնք կ’առնչուին հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, կապուած են Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ փոփոխութիւններու հետ: Պէտք է աւելի շատ գործել՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանը դեռ չունի այս ռազմավարական հարեւանին շահագրգռող շքեղութիւններ:
Բնագիրը՝ արեւելահայերէն
Աղբիւրը՝ noranor.ca
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Յարութ Կիւլիւզեան
«Զարթօնք»–ի աշխատակից