«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աւելի քան 500, 000 ճանապարհորդ գրանցուած է Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանին մէջ ընթացիկ ամսուան առաջին կէսին: Այս մասին «The Daily Star»-ին հաղորդեց օդակայանէն աղբիւր մը:
Օդակայանի կարեւորագոյն խնդիրը կը հանդիսանայ յարադէպ աճ գրանցող երթեւեկութեան գերխճողուածութիւնը թէ՛ ուղեկանութեան, թէ՛ վերադարձի տեսակէտէն: Յայտնենք, որ Օգոստոսի առաջին կէսին 3, 885 թռիչք կատարուած է, ուր գրանցուած է 552, 956 ճանապարհորդ, որոնցմէ 266, 564-ն՝ ուղեկեալներ, իսկ 286, 101-ն ուղեւորներ են: