«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի տարածքին Չորեքշաբթի օր մեծ թիւով քրիստոնեաներ հանդիսաւորութեամբ նշեցին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:
Տօնակատարութիւնները մեկնարկեցին երեկոյեան կանուխ ժամերուն, երբ եկեղեցւոյ զանգերը սկսան ղօղանջել: Համազգային այս սուրբ տօնը առհասարակ կ’ոգեկոչուի կրօնական թափօրով:
Ի միջի այլոց, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ Հարիսայի մատուռը՝ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած: