Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը Հաստատ Կը Մնայ Նոր Կառավարութեան Մէջ 3 Նախարարի Պաշտօն Զբաղեցնելու Պահանջին Վրայ. Թէյմուր Ժոմպլաթ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումէ ետք «LBCI» տեղական հեռուստակայանին ըսաւ, որ իր կուսակցութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ նախարարաց նոր խորհուրդին մէջ տրուզ դաւանանքի համար նախատեսուած երեք նախարար առաջադրելու վերաբերեալ որոշումին վրայ:
Ժոմպլաթ, որ կը գլխաւորէ Ժողովրդավարական համախմբում պլոքը, հանդիպում ունեցաւ Սաատ Հարիրիի հետ, ուր զրուցակիցները հիմնականօրէն քննարկեցին վարչապետի առջեւ ծառացած խոչընդոտները նոր կառավարութեան կազմաւորման առնչութեամբ՝ շեշտը դնելով գլխաւորաբար տրուզ դաւանանքի ներկայացուցչութեան շուրջ դեռեւս շարունակուող տարաձայնութիւններուն վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին