«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու նորանշանակ հրամանատարը հանդիպումներ ունեցաւ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ ու հայցեց ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ լիազօրութիւններու վերանորոգումը: Այս մասին Հինգշաբթի հաղորդեց խաղաղապահ ուժերու մամլոյ խօսնակը:
Ազգային լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլ, որ Յուլիսին յաջորդեց պաշտօնաւարտ հրամանատար Մայքլ Պիարիին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի եւ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւը: Այս շաբաթ ան եւս հանդիպումներ պիտի ունենայ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: