Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Ելեկտրահաշուիչներու Տեղադրման Որոշումը Պարտադիր Է. Ժրէյսաթի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Սալիմ Ժրէյսաթի Ուրբաթ հաւաստեց, որ ելեկտրածին սարքերու սեփականատէրերուն ուղղուած ելեկտրահաշուիչներու տեղադրման որոշումը պարտադիր է եւ վերջնական: Այս մասին Ժրէյսաթի ըսաւ ելեկտրածին սարքերու սեփականատէրերուն եւ տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալիա Ապպասի հետ հանդիպումէ ետք:
«Ելեկտրահաշուիչներու տեղադրման առնչուող ուժի մէջ մտած որոշումը պարտադիր է»,- ըսաւ նախարարը:
Անցեալ ամիս տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաաըտ Խուրի հրամանագիր գործարկեց, որ կը յանձնարարէր ելեկտրածին սարքերու սեփականատէրերուն տեղադրել ելեկտրահաշուիչներ, ինչ որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ բաժանորդներուն ելեկտարահոսանքի վճարումները կատարել՝ հիմնուելով սպառուած ուժանիւթի մաշտաբին վրայ, փոխանակ ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ հաստատուած ելեկտրականութեան վճարման անփոփոխ դրոյքաչափի բանաձեւին: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին