Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելը Պիտի Այցելէ Հայաստան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Оգոստոս 24-25 պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքելը: Այցի ծիրէն ներս պիտի կայանան հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԳԴՀ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի վարչապետը եւ Գերմանիոյ վարչապետը բանակցութիւններու արդիւնքները պիտի ամփոփեն համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ: Այցելութեան ծիրէն ներս վարչապետ Անկելա Մերքել հանդիպում կ’ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:

Գերմանիոյ վարչապետը կ’այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին