«UNESCO»-ի հրապարակած «Անհետացող լեզուներու քարտէս»-ին համաձայն` Թուրքիոյ մէջ 11 լեզու անհետացման եզրին է, իսկ 3 լեզու` վաղուց արդէն մեռած:
Այդ լեզուներու ցանկին մէջ են Տրապիզոնի մէջ միայն տարեցներու կողմէ խօսուող պոնտոսեան յունարէնը, Արթուինի Խոփա շրջանին մէջ խօսուող հայերէնի իւրայատուկ բարբառներէն մէկը` համշէնահայերէնը, Չամլըհեմշինի մէջ առաւելապէս մեծահասակներու մօտ խօսուող լազերէնը, Էտիրնէի տարածաշրջանին մէջ տարեցներու մօտ խօսուող գնչուական լեզուն, դարձեալ Էտիրնէի մէջ խօսուող գագաուզերէնը, Թուրքիոյ մէջ շուրջ 5-6 հազար անձի կողմէ խօսուող սեֆարդերէնը եւ այլն, կը փոխանցէ «Ermenihaber»-ը:
Թրքական «Hürriyet» թերթը առանձին-առանձին խօսած է անհետացման եզրին գտնուող գրեթէ բոլոր այս լեզուներու ներկայացուցիչներու հետ: Համշէնահայերէնի կրողները հիմնականօրէն կը բնակին Արթուինի Խոփա շրջանը: Խոփայի Քեմալփաշայ աւանին մէջ կը բնակին համշէնահայ Այշէ Ալգիւրը` որդիին եւ հարսին հետ: Անոր միւս զաւակները տեղափոխուած են մեծ քաղաքներ:
«Երբ ես ծնած եմ, այստեղ հայեր չեն եղած: Անոնք գացած էին, բայց իրենց լեզուն մնացած էր: Աչքս բացի, համշէնահայերէն լսեցի, մեծցայ, թրքերէն սորվեցայ»,- կը պատմէ Այշէն:
Քեմալփաշայի մէջ համշէնահայերէնը հիմնականօրէն մեծահասակներու կողմէ կը խօսուի, իսկ երիտասարդներու հետ թրքերէն կը խօսին: Իսկ երբ տարեց համշենցիները կը մահանան, համշէնահայերէն խօսողներուն թիւն ալ հետզհետէ կը նուազի: Այշէին խօսքով` այստեղ ոչ ոք համշէներէնի այբուբենը չի գիտեր, գրել-կարդալ` նոյնպէս: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին որեւէ համշէնահայերէն գիրք չէ տեսած:
Այշէ Ալկիւրի հարեւան Կիւնայ Շերեմեթը միայն մասամբ կը տիրապետէ համշէնահայերէնին: Իսկ անոր 5 եւ 7 տարեկան երեխաները, թէեւ կը հասկնան համշէնահայերէն, բայց չեն խօսիր: Շերեմեթը կը պատմէ, որ ամէն ձեւով փորձած է երեխաներուն համշեներէն սորվեցնել, բայց քանի որ թէ բակին, թէ դպրոցին մէջ իշխող լեզուն թրքերէնն է, երեխաները հեշտութեամբ կը մոռնան համշէնահայերէնը: