Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին Սաքիէթ Էլ Մըսըք եւ Պիքֆայա շրջաններու քաղաքապետները՝ Միշէլ Նասըր եւ Նիքոլ Ժըմայէլ, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։ Անոնք վեհափառ հայրապետին յիշատակի նուէր մը փոխանցեցին եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին օգտակար հանդիսանալու վանքին առնչուած որեւէ ծրագիրի կամ խնդիրի։
Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց իրենց ցուցաբերած հոգածութեան ու աջակցութեան համար եւ իրենց ուշադրութեան յանձնեց քանի մը հարցեր, որոնք կը կարօտին անմիջական լուծման։
Հանդիպումին ներկայ էին Ս. Աստուածածին վանքի շէնքներու եւ պարտէզի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Շնորհք վրդ. Աշըգեան եւ դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս վրդ. Թինքճեան։