«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Ուրբաթ յայտնեց իր մտադրութիւնը զարգացման երկու խորհուրդներ ձեւաւորելու Աքքարի եւ Պեքաայի մէջ: Այս մասին, Այն Ալ Թինէէն կատարուած յայտարարութեան համաձայն, փոխանցեց Պըրրի Աքքարի խումբ մը պաշտօնատարներէ բաղկացած պատուրիակութեան հետ ունեցած հանդիպումէն ետք:
«Զարգացման խորհուրդները պիտի աշխատին բարելաւելու պայմանները երկու շրջաններուն մէջ»,- Աքքարի քաղաքապետական միութեան նախագահներուն ըսաւ Պըրրի:
Հիւսիսային Լիբանանի Աքքար շրջանի եւ Պեքաա հովիտին մէջ ակներեւ է զարգացման ուղղուած ծրագիրներու բացորոշ բացակայութիւնը, ինչ որ կրնար մեծապէս նպաստել երկու շրջաններու տնտեսութեան աճին:
Պըրրի դիտել տուաւ, որ խորհուրդները հիմնականօրէն նպատակաուղղուած են տեղական ծառայութիւններ մատուցելու եւ զարկ տալու գիւղատնտեսութեան ոլորտին:
Աւարտին, պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նապիհ Պըրրիին՝ հիւսիսային Լիբանանին եւ մասնաւորաբար Աքքար շրջանին աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ ի գործ դրած ջանքերուն համար: