ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս – Լիբանանահայ գրական-մշակութային կեանքէն 25 Յուլիս 2018-ին հեռացաւ բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած 88-ամեայ, բայց միշտ կենսունակ, ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ մտաւորական-առեւտրականը, որուն կեանքը եղաւ համակ նուիրում Հայց. Եկեղեցւոյ, հայ Գիրին ու Մամուլին, հրապարակագիր եւ հեղինակ նամակագրական հինգ հատորներու, հրատարակիչ ու մեկենաս իր եւ ազնիւ տիկնոջ անունը կրող Մատենաշարէն լոյս տեսած յիսունէ աւելի գրական-պատմագրական երկերու, առաւել՝ հայ դպրոցին, հայերէնագիտութեան ուսուցիչներու եւ Հայկազեան համալսարանի բարերարներէն: 1991-ին՝ իբրեւ բարերարներէն մին Ս. Էջմիածնի, ան արժանացած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց հայրապետի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանին» ու սրբատառ կոնդակին, իսկ վերջերս, հայրենի պետութիւնը առ ի գնահատանք իր մշակութանուէր անսակարկ բազմամեայ նուիրումին, 2017-ի Հոկտեմբերին զինք պատուած էր արժանաւորապէս «Մովսէս Խորենացի»ի անուան շքանշանով:
Հանգուցեալը ծնած էր Հալէպ՝ 1930-ին: Իր նախակրթութիւնն ու երկրորդականը յաջորդաբար ստացած է ծննդավայրին Կրթասիրաց վարժարանէն եւ Ալեփփօ քոլէճէն: 1961-ին տեղափոխուած է եւ հաստատուած՝ Պէյրութ, հիմնելով իր սեփական առեւտրական հաստատութիւնը:
Երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած է նաեւ Հայ Եկեղեցիէն ներս՝ աւագ սարկաւագի աստիճանով: Բազմամեայ նուիրեալ անդամներէն եղած է ՀԲԸ Միութեան ՝ հասնելով մինչեւ ղեկավար դիրքերու:
Իր յարգելի ներկայութիւնը գրական-մշակութային ձեռնարկներուն՝ գրեթէ եղած է ամէն տեղ, օրինակելի ճշդապահութեամբ:
Երկրաւոր իր բարեյիշատակ կեանքի աւարտին, կրնանք անվարան ըսել, թէ իր գիտակցական ողջ կեանքը եղաւ «Պատգամ» մը՝ ի սէր եւ յանուն Հայու Ոգեղէն Արժէքներու:
Յաւերժ Լոյս եւ Խաղաղութիւն իր հոգիին:
Պէյրութ, Լիբանան