Երէկ առաւօտ՝ Ուրբաթ, 17 Օգոստոս 2018-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեցին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի անձնական ներկայացուցիչները։ Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին փոխանցել խորհրդարանի նախագահի բարեմաղթութիւնները Ս. Աստուածածնի տօնին առիթով եւ զինք պաշտօնապէս հրաւիրել Մուսա Սատրի նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած այժմէական հարցերու քննարկում կատարելու։ Հանդիպումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը այդտեղ ներկայ պատկերասփիւռի կայանին հետեւեալ յայտարարութիւնները կատարեց.- ա) Մուսա Սատրը ոչ միայն շիիթ համայնքին պատկանող յարգելի անձնաւորութիւն մըն է, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանի համար։ Մեր երիտասարդութեան օրերուն, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան նուիրուած համագումարի մը շրջագիծէն ներս մենք ճանչցած ենք իմամ Մուսա Սատրը եւ իր մէջ տեսած քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան նկատմամբ ունեցած յստակ կեցուածք ու ամբողջական յանձնառութիւն։ բ) Մենք կոչ կ՚ուղղենք քաղաքական պատասխանատուներուն ու յատկապէս Հանրապետութեան ու խորհրդարանի նախագահներուն եւ վարչապետին կարելի փութով կազմելու նոր կառավարութիւնը, որովհետեւ անոր կազմութեան ուշացումը կրնայ իր բացասական հետեւանքները ունենալ երկրէն ներս թէ դուրս։ գ) Լիբանանի հայ համայնքը, ինչպէս միշտ, պատրաստ է իր գործուն մասնակցութիւնը բերելու նոր կառավարութեան կազմութեան եւ ընդհանրապէէս Լիբանանի զարգացման ու յառաջդիմութեան նպաստող բոլոր աշխատանքներուն։