«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս – Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանի վայրը վարձակալելու համաձայնագիրը վաւերացուեցաւ Օգոստոս 14-ին Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդին կողմէ, պաշտօնապէս յայտարարելով, թէ Կլենտէյլի Կեդրոնական այգին ապագայ վայրը կը հանդիսանայ կառուցուելիք մշակութային եւ կրթական այդ կեդրոնին։
Պատմական է որոշումը եւ մեծ քայլ մըն է իրականացնելու համար այս ծրագիրը, որ չորս տարիէ իվեր կը ծրագրուի Թանգարանի յանձնախումբին եւ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան կողմէ։
Տարեկան մէկ ամերիկեան տոլար վարձակալութեամբ Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի կառուցուի Կլենտէյլի Կեդրոնական այգիին հարաւ-արեւմտեան անկիւնը, Պրէնտ եւ Քոլորատօ փողոցներու խաչմերուկին։ Թանգարանը պիտի բարձրանայ Կեդրոնական գրադարանին, Մեծահասակներու կեդրոնին եւ Ամերիքանայի հարեւանութեամբ։ Համաձայնութիւնը 55 տարուան համար է, որմէ ետք կարելի է երկարել չորս անգամ տասական տարիով՝ ընդհանուր 95 տարի ժամկէտով։
Թանգարանին եւ քաղաքապետարանին պատասխանատուները Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15-ին յատուկ մամլոյ ասուլիս սարքեցին Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանին մէջ, նշելով պատմական այս որոշումը։
«Հպարտութեան օր է Կլենտէյլի համար եւ մենք խանդավառուած ենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի կառուցուի մեր քաղաքին մէջ», յայտնեց քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան։ Ելոյթ ունեցան նաեւ քաղաքապետութեան անդամներ Վարդան Կարապետեանը, Փաուլա Տիվայնը, Արա Նաճարեանը եւ Վրէժ Աղաջանեանը։