Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Հայաստանցիներ Թուրքիոյ Մէջ Մասնակցած Են Զինիի Կոտորածը Դատապարտող Ձեռնարկին

Պոլսոյ «Վերադարձ» հիմնարկի եւ «Նուպար» աւանդական երգի-պարի խումբի ներկայացուցիչներ Օգոստոս 5-12-ի միջեւ Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին Քըլիճքայա (նախկին Սուր Վահան) գիւղին մէջ մասնակցեցան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած Զինիի կոտորածի զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկին: Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Ակօս»-ը։

1937-1938-ի Տերսիմի ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ զինուած ուժերը, դաժանօրէն ճնշելով ապստամբութիւնը, կազմակերպած են զանգուածային ջարդեր, որոնց զոհ գացած են հիմնականին մէջ ալաուի քիւրտեր եւ զազաներ, ինչպէս նաեւ կրօնափոխ հայեր: Տարբեր տուեալներով՝ սպաննուած է 13,606-էն մինչեւ 70,000 բնակչութիւն, ներառեալ՝ 100 հոգի Քըլըչքայա գիւղէն: Ուստի, ամէն տարի Օգոստոս 7-ին ալաուիները կը բարձրանան Զինի լեռ, մոմ կը վառեն, իսկ յաջորդ օրը կը հաւաքուին գիւղը եւ յարգանքի տուրք կը մատուցեն անմեղ զոհերու յիշատակին:

Զինիի կոտորածի 80-րդ տարելիցի միջոցառումին մասնակցած հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը՝ Արագած Ախոյեան, այս առթիւ ըսաւ. «Սիրելի՛ բարեկամներ, մենք պէտք է այստեղ ծնած ըլլայինք, բայց ծնած ենք այնտեղ՝ մեր միւս հայրենիքը: Մենք խորապէս կը հասկնանք եւ կը կիսենք ձեր ցաւը, միասին ենք ձեզի հետ ձեր պայքարին մէջ»:

Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Զէյնել Էօզեն եւ Ֆրանսայի ալաուիներու միութեան նախագահ Էլտար Քըլըչքայա, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին հայկական պատուիրակութեան՝ Թուրքիա գալուն եւ իրենց ցաւը կիսելուն համար:

 

(Քաղուած՝ Նազելի Աւագեանի թղթակցութենէն)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին