«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումէ ետք «LBCI» տեղական հեռուստակայանին ըսաւ, որ իր կուսակցութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ նախարարաց նոր խորհուրդին մէջ տրուզ դաւանանքի համար նախատեսուած երեք նախարար առաջադրելու վերաբերեալ որոշումին վրայ:
Ժոմպլաթ, որ կը գլխաւորէ Ժողովրդավարական համախմբում պլոքը, հանդիպում ունեցաւ Սաատ Հարիրիի հետ, ուր զրուցակիցները հիմնականօրէն քննարկեցին վարչապետի առջեւ ծառացած խոչընդոտները նոր կառավարութեան կազմաւորման առնչութեամբ՝ շեշտը դնելով գլխաւորաբար տրուզ դաւանանքի ներկայացուցչութեան շուրջ դեռեւս շարունակուող տարաձայնութիւններուն վրայ: