Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Արժ. Տ. Վազգէն Քահանայ Պոյաճեան Հոգեւոր Հովիւը Կը Նշանակուի Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ

Գոհունակութեամբ կը հաղորդենք Թեմիս համայն հաւատացեալներուն, թէ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան, որ 14 տարիներ Քանատահայոց թեմէն ներս ծառայած է որպէս Հոգեւոր Հովիւը Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ,  Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կողմէ Հոգեւոր Հովիւը նշանակուած է Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ։

            Տէր Հայրը երկար տարիներու վաստակ եւ փորձառութիւն ունեցող հոգեւորական մըն է։ Քանատայի մէջ իր ծառայութեան ընթացքին նախաձեռնած է բազմաթիւ աննախադէպ ձեռնարկներ, հիմնած է նորանոր յարակից մարմիններ, ծրագրած է երիտասարդական նոր շարժումներ, կազմակերպած է բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ դէպի Մայր Հայրենիք եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

            Աւազանի անունով Սարգիս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1993-ին  Սարկաւագ ձռնադրուած է  Գերշ. Տ. Անանիա եպիսկոպոս Արապաճեանի ձեռամբ։ Իսկ Սեպտեմբեր 26-ին, 1999 Քանատահայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի ձեռամբ Քահանայ ձեռնադրուած եւ օծուած է՝ վերանուանուելով Տ. Վազգէն Քահանայ։ Տէր Հայրը 1999-2003 որպէս Հոգեւոր Հովիւ ծառայած է Լավալի Հայց. Եկեղեցւոյ, իսկ 2003-2017 ծառայած է որպէս Հոգեւոր Հովիւը Մոնթրէալի Առաջնորդանիստ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ։

            Լիայոս ենք, որ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան շնորհիւ իր հարուստ գիտելիքներուն, հովուական ծառայութիւններուն եւ վարչական կարողութիւններուն, նոր ոգեւորութեամբ պիտի լծուի Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ առաւել բարգաւաճման եւ պայծառացման։

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Պըրպէնք, 11 Օգոստոս 2018

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին