Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Չինական Psearcher Թերթը Հայաստանի Մասին Յատուկ Թիւ Մը Պատրաստած Է

Չինաստանի մէջ լոյս տեսնող «Psearcher» (Փիսրչըր) պարբերականի յատուկ թիւը այս անգամ Հայաստանի մասին է: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հրատարակչութեան հանրային կապերու ղեկավար Վանգ Մինգմէին նշած է, որ «Հայաստան` դարպաս դէպի խոշոր շուկաներ» խորագիրով թիւը ստեղծուած է յատուկ պատճառով:

«Ընտրութիւնը այս անգամ կանգ առաւ Հայաստանի վրայ, քանի որ Հայաստանը  հինաւուրց երկիր է Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին` որպէս երկու մայրցամաքները կապող կամուրջ: Դարեր շարունակ Հայաստանով կ’անցնէր հնագոյն մետաքսի ճանապարհը, իսկ հայկական ապրանքները բաւական տարածուած էին Չինաստանի շուկաներուն մէջ, հայկական առեւտրային նաւերը կը հասնէին Ասիոյ արեւելեան նաւահանգիստները: Մեր հրատարակչական աշխատանքը հասած է Չինաստանի «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան մասնակցող երկիրներու մեծ մասին, Հայաստանն ալ կարեւոր մէկ կայարան է»,- նշած է Մինգմէին:

Հանրային կապերու ղեկավարին խօսքով` իրենց յատկապէս հետաքրքրած է Հայաստանի կառավարութեան վարած բաց քաղաքականութիւնն ու ենթակառուցուածքներու զարգացման ներուժը, որոնք կրնան գրաւիչ ըլլալ չինացի ներդրողներու համար:

«Հայաստանի կառավարութիւնը բաց դռներու քաղաքականութիւն կը վարէ` ներդրումներու համար գրեթէ չկիրարկելով  սահմանափակումներ: Գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղուած քայլերը բարձր կը գնահատեն նաեւ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւնները: Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքը գրաւիչ նախագիծ է, որ կրնայ հետաքրքրել չինական ընկերութիւնները եւ ներդրողները` շաղկապուելով նաեւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ»   նախաձեռնութեան: Այժմ Հայաստանի կառավարութեան բաց քաղաքականութիւնը կրնայ ներգրաւել չինական որոշ ընկերութիւններ, յատկապէս շինարարական նախագիծերու մէջ, ինչ որ աւելի մեծ օգուտ պիտի բերէ երկու կողմերուն»,- ըսած է ան:

Թողարկման ստեղծման համար Հայաստանի մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւն գտնելու համար «Փիսրչըր»-ին օգնած է դիւանագէտ, Չինաստանի մէջ Հայաստանի առեւտրային կցորդ Հրանդ Ապաճեանը:

«Մենք համագործակցեցանք խմբագրման աշխատանքներուն, նոյնիսկ յարմար լուսանկարներ ընտրելուն, բովանդակութիւնը փոխելուն, քերականական սխալները ուղղելուն եւ այլն: Բաւական ծաւալուն աշխատանք կատարուած է: Հաւատացած ենք, որ մեր բոլոր ընթերցողները, մասնաւորապէս ձեռնարկութիւններու ղեկավարներն ու աշխատակիցները պիտի բացայայտեն Հայաստանը որպէս դարպաս դէպի խոշոր շուկաներ»,- աւելցուցած է ան:

«Psearcher» հրատարակչութեան ամսագիրի բաժանորդներու շարքին են Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, առեւտուրի նախարարութիւնը,  պետական շարք մը  խոշոր ձեռնարկութիւններ, արտասահմանեան արտահանող մեծ ընկերութիւններ, Չինաստանի դեսպանատուներ, համալսարաններ եւ այլն:

«Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» յատուկ հրատարակչութիւնը, որ ստեղծուած է «PSearcher»-ի կողմէ, կը ներկայացնէ եւ կը բարձրացնէ ներդրումային միջավայրի իրազեկուածութիւնը զբօսաշրջային միջոցներու մասին, կ’առաջարկէ աւելի մասնագիտական ուղեցոյց` գործարար գործունէութիւն իրականացնելու համար: Անիկա նպատակ ունի Չինաստանի եւ                       Չինաստանէն դուրս գտնուող ձեռնարկատէրերն ու ծրագիրներու ղեկավարները ապահովելու օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւող համապատասխան երկրի մասին տնտեսական աւելի մանրամասն եւ ճշգրիտ տեղեկութեամբ ` մէկ կողմէ դիւրացնելով չինական ձեռնարկութիւններուն «ելքը» դէպի այդ երկիրներ, միւս կողմէ աջակցելով վերջիններուս ներգրաւել ներդրումներ եւառեւտուր Չինաստանէն:

Յատուկ թողարկումները լի են օգտակար եւ մասնագիտական տեղեկութեամբ, որոնք անհրաժեշտ են համապատասխան ծրագիրներու ղեկավարներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին