Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Ոստիկանութեան Կեդրոնական Բաժնի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպով Առաջադրուած Է Մեղադրանք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական բաժնի մէջ քննուող քրէական գործով կը շարունակուին ձեռնարկուիլ քննչական եւ դատավարական այլ միջոցառումներ՝ ՀՀ ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնի վարչական շէնքի մէջ տեղի ունեցած դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ. մէկ անձի առաջադրուած է մեղադրանք: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ քննչական կոմիտէէն: 

ՀՀ քննչական կոմիտէն աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ 14 Օգոստոս 2018-ին՝ ժամը 05:00-ի սահմաններուն, Երեւան քաղաքի Սիմոն Վրացեան փողոցի թիւ 90 շէնք հասցէի վրայ գտնուող ՀՀ ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնի վարչական շէնքի մէջ խումբ մը անձերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է միջադէպ, որուն ընթացքին բռնութիւն գործադրուած է ինչպէս ոստիկանութեան աշխատակիցներուն, այնպէս ալ բնակիչի մը նկատմամբ:

Դէպքի առթիւ ՀՀ ՔԿ Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու քննչական բաժնի մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին եւ 2-րդ կէտերով եւ ձեռնարկուած քննչական ու ռազմա-որոնողական անհրաժեշտ գործողութիւններու շնորհիւ պարզուած են դէպքի էական նշանակութիւն ունեցող շարք մը հանգամանքներ:

Մասնաւորապէս նախնական քննութեամբ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են առ այն, որ խումբ մը անձինք ՀՀ ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնի վարչական շէնքին մօտ գացած են Օգոստոս 5-ին՝ ժամը 02:30-ի սահմաններուն, «Կոմայգի» կոչուող վայրին մէջ քաղաքացիի մը հետ տեղի ունեցած վիճաբանութեան մասին բարձրաձայնելու համար: Հասնելով վարչական շէնքին մօտ՝ աղմկած եւ հայհոյած են, որուն կապակցութեամբ բնակիչներէն մէկը կոչ ըրած է դադրեցնելու աղմուկը, որմէ ետք անոնցմէ երկուքը վիճաբանած են քաղաքացիին հետ եւ բռնութիւն գործադրած վերջինիս նկատմամբ՝ զինքը մահակով հարուածելով:

Պարզուած է, որ ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած երկու անձինք բռնութիւն գործադրած են նաեւ ծեծկռտուքին միջամտած ոստիկանութեան աշխատակիցներուն նկատմամբ եւ վարչական շէնքին մէջ, շարունակելով հայհոյանքներ հնչեցնել, ոտքերով եւ ձեռքերով հարուածներ հասցուցած են ոստիկանութեան երկու աշխատակիցի, պատռած անոնցմէ մէկուն համազգեստի շապիկը եւ ուսադիրը:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու հիման վրայ մէկ անձի մեղադրանք առաջադրուած է՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի 4-րդ մասով, 316-րդ յօդուածի 1-ին մասով (2 դրուագ), իրեն նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Կը նախաձեռնուին միջոցներ միջադէպին մասնակից միւս անձը յայտնաբերելու, դէպքի հանգամանքներու առարկայական, լրիւ եւ բազմակողմանի քննութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին