«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Քաղաքացիական պաշտպանութիւնը Երեքշաբթի նախազգուշացուց ընդդէմ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ հրավառութեան դէպքերուն: Այս մասին կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակած յայտարարութենէն:
Հրավառութեան հետ կապուած դէպքերը սովորաբար չեն կարգաւորուիր Լիբանանի մէջ: Անոնք առհասարակ տեղի կ’ունենան նշելու այս կամ այն տօնը կամ իրադարձութիւնը: Սակայն Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ գրանցուած նման դէպքերու լոյսին տակ յայտարարութեան մէջ յստակօրէն կոչ կ’ուղղուի տօնին առթիւ ամենեւին չդիմելու հրավառութեան:
Քաղաքացիական պաշտպանութիւնը յայտարարեց նաեւ, որ բնակիչները պէտք է անյապաղ հաղորդեն գործակալութեան կրակոցի առնչուող որեւէ դէպքի մասին՝ հեռաձայնելով 125 թիւին: