Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Հըզպալլա Ներկայիս Ուժեղ Է Աւելի Քան Որեւէ Ժամանակ. Նասրալլա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Հըզպալլա կուսակցութեան առաջնորդ  Հասան Նասրալլա հաստատեց, որ ներկայիս Հըզպալլա ուժեղ դիրք ու կարգավիճակ ունի աւելի քան որեւէ ժամանակ: Այս մասին Նասրալլա ըսաւ Երեքշաբթի հեռուստաուղերձի ժամանակ:

2006-ի Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմի 12-րդ տարուան լրումը ոգեկոչող տօնախմբութեան ժամանակ Նասրալլա հաւաստեց, որ Հըզպալլա ցարդ զինամթերքի, զինուժի ու վճռակամութեան տեսակէտէն այս աստիճան ազդեցիկ չէ եղած:

Ան մասնաւորապէս շեշտեց Հըզպալլայի ուժայիններու ամրակազմութիւնն ու անյողդողդ դրուածքը: «Տասներկու տարի… ու Իսրայէլը կը սպառնայ պատերազմի արհաւիրքով, սակայն միաժամանակ կը խօսի դիմադրութեան ուժերու յաւելման մասին եւ կ’ըսէ, որ անոր բանակը երկրորդ ամենաուժեղ բանակն է Միջին Արեւելքի մէջ – ըսաւ Հըպալլա եւ աւելցուց:- Ո՛չ, այդ մէկը ճիշդ չէ… Հըզպալլա հաստատապէս աւելի ուժեղ է իսրայէլեան բանակէն»:

Խօսելով Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի դերակատարութեան մասին, ուր կուսակցութեան զինեալ խումբերը համատեղ կռիւ կը մղեն նախագահ Պաշար Ասատի ուժայիններուն հետ՝ Նասրալլա յոյս յայտնեց, որ խմբաւորման յաղթականը անտարակոյս մօտալուտ է: Ան հեգնական ոճով անդրադարձաւ այն շրջանառուող լուրերուն, թէ ինք կը ծրագրէր այս ուղերձը որպէս հարթակ օգտագործել Սուրիայէն Հըզպալլայի ջոկատայիններու ընկրկումը յայտարարելու համար:

Ան դիտել տուաւ, որ Իսրայէլի նախագահ Բենիամին Նաթանիահու կտրուկ փոխած էր դիրքորոշումը: Վերջինս այժմ կ’ընդունի սուրիական ռեժիմի եւ բանակի ուժի մէջ մնալը, սակայն, միւս կողմէ, շարունակ կը պնդէ, որ անհրաժեշտ է Հըզպալլայի եւ Իրանի անյապաղ հեռացումը սուրիական տարածքէն:   

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին