«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: ՀՀ ոստիկանութիւնը կը յայտնէ Վարդենիսի ընկերային աջակցութեան տարածքային գործակալութեան մէջ 2013-2018 թուականներուն տեղի ունեցած չարաշահումներու մասին: Քննուող քրէական գործի ծիրէն ներս փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են, որ 2013-2018 ժամանակահատուածին Վարդենիսի ընկերային աջակցութեան տարածքային գործակալութեան որոշ աշխատակիցներու պահանջով, նպաստառու բնակիչները հաշուարկելու օրէն, ընտանեկան նպաստը չդադրեցնելու համար, տարբեր ժամանակահատուածներու, նպաստի գումարէն մաս-մաս, միջնորդի միջոցով, գումարներ փոխանցած են գործակալութեան աշխատակիցներուն:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ոստիկանութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Չարաշահումներու հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն կը յորդորեն սեղմ ժամկէտի մէջ դիմել ոստիկանութեան Վարդենիսի կամ քննչական բաժիններ: