Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Նախիջեւանի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանական Ուժերու Վերադիրքաւորման Փորձերը Ամէն Կերպ Պիտի Կանխուին. ՀՀ ԱԳՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Հայկական կողմը ազրպէյճանական կողմին հանրային եւ այլ խողովակներով յայտնած է, որ Նախիջեւանի ուղղութեամբ վերադիրքաւորման փորձերը անընդունելի են եւ ամէն կերպ պիտի կանխուին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին Օգոստոս 14-ին կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղտալեանը՝ պատասխանելով Նախիջեւանի ուղղութեամբ տիրող իրավիճակի մասին լրագրողի հարցին:

«Նախիջեւանի ուղղութեամբ իրավիճակի հարցով համապատասխան յայտարարութիւն կատարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը. այստեղ ՀՀ զինուած ուժերը լիովին կը վերահսկեն իրավիճակը: Իսկ ինչ կը վերաբերի վերադիրքաւորումներուն, ապա այդ հարցի առնչութեամբ հանրային եւ այլ խողովակներով մենք ազրպէյճանական կողմին յայտնած ենք, որ նման վերադիրքաւորման փորձերը անընդունելի են հայկական կողմի համար եւ անոնք ամէն կերպ պիտի կանխուին»,- ըսաւ Նաղտալեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին