«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Հըզպալլա կուսակցութեան առաջնորդ Հասան Նասրալլա հաստատեց, որ ներկայիս Հըզպալլա ուժեղ դիրք ու կարգավիճակ ունի աւելի քան որեւէ ժամանակ: Այս մասին Նասրալլա ըսաւ Երեքշաբթի հեռուստաուղերձի ժամանակ:
2006-ի Իսրայէլ-Հըզպալլա պատերազմի 12-րդ տարուան լրումը ոգեկոչող տօնախմբութեան ժամանակ Նասրալլա հաւաստեց, որ Հըզպալլա ցարդ զինամթերքի, զինուժի ու վճռակամութեան տեսակէտէն այս աստիճան ազդեցիկ չէ եղած:
Ան մասնաւորապէս շեշտեց Հըզպալլայի ուժայիններու ամրակազմութիւնն ու անյողդողդ դրուածքը: «Տասներկու տարի… ու Իսրայէլը կը սպառնայ պատերազմի արհաւիրքով, սակայն միաժամանակ կը խօսի դիմադրութեան ուժերու յաւելման մասին եւ կ’ըսէ, որ անոր բանակը երկրորդ ամենաուժեղ բանակն է Միջին Արեւելքի մէջ – ըսաւ Հըպալլա եւ աւելցուց:- Ո՛չ, այդ մէկը ճիշդ չէ… Հըզպալլա հաստատապէս աւելի ուժեղ է իսրայէլեան բանակէն»:
Խօսելով Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի դերակատարութեան մասին, ուր կուսակցութեան զինեալ խումբերը համատեղ կռիւ կը մղեն նախագահ Պաշար Ասատի ուժայիններուն հետ՝ Նասրալլա յոյս յայտնեց, որ խմբաւորման յաղթականը անտարակոյս մօտալուտ է: Ան հեգնական ոճով անդրադարձաւ այն շրջանառուող լուրերուն, թէ ինք կը ծրագրէր այս ուղերձը որպէս հարթակ օգտագործել Սուրիայէն Հըզպալլայի ջոկատայիններու ընկրկումը յայտարարելու համար:
Ան դիտել տուաւ, որ Իսրայէլի նախագահ Բենիամին Նաթանիահու կտրուկ փոխած էր դիրքորոշումը: Վերջինս այժմ կ’ընդունի սուրիական ռեժիմի եւ բանակի ուժի մէջ մնալը, սակայն, միւս կողմէ, շարունակ կը պնդէ, որ անհրաժեշտ է Հըզպալլայի եւ Իրանի անյապաղ հեռացումը սուրիական տարածքէն: