Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Լարիսա Ալավերդեանի Կարծիքով՝ Ռոպերթ Քոչարեանը Կալանաւորելու Չափազանց Շտապողականութիւն Կար. Այստեղ Ոսկերչական Ճշգրտութիւն Պէտք Էր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորելու շտապողականութիւն կար. իրաւական գործընթացները պէտք է ոսկերչական ճշգրտութեամբ ընթանային:

«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին այսպիսի կարծիք յայտնեց «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» ՀԿ գործադիր տնօրէն Լարիսա Ալավերդեանը:

«Ես Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան ժամանակ ամենաշատը տուժած եմ, քաղաքական հետապնդումի ենթարկուած: 2008 թուականին Ազգային ժողովին ես յայտարարած եմ, որ Մարտ 1-ի դէպքերուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ ՀՀ երկրորդ նախագահը: Պատասխանատուութիւնը բան մըն է, մեղքը՝ այլ: Ես այդ խնդիրին մասին արտայայտուած եմ, եւ ցանցային շատ մեծ բողոք եղած է, բայց իմ լսարանս ընկերային ցանցը չէ, այլ գրագէտ եւ բանիմաց լսարանը»,- նշեց Ալավերդեանը:

Իր պնդումով՝ այս գործին մէջ շտապողականութիւնը նոր իշխանութիւններուն կը խանգարէ միայն: «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» ՀԿ գործադիր տնօրէնը կոչ ըրաւ ըլլալու շատ սթափ, հաւասարակշռուած եւ հետեւիլ միջազգային իրաւունքի, օրէնքի գերակայութեան:

Ալավերդեանը վստահութիւն յայտնեց, որ Ռոպերթ Քոչարեանը խոցելի կ’ըլլար այլ յօդուածներու կիրարկմամբ, օրինակ՝ ապօրինի հարստացման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին