Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ 3 «Արմաթ» Ճարտարագիտական Տարրալուծարան Պիտի Բացուի

Այս տարուան Սեպտեմբերին, Մարտակերտի շրջանի Ծմակահողի, Ասկերանի եւ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքի դպրոցներուն մէջ պիտի բացուի եւս 3 «Արմաթ» ճարտարագիտական տարրալուծարան, որուն իբրեւ արդիւնք, Արցախը պիտի ունենայ 13 տարրալուծարան:

Այս  մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան (ՏՃՁՄ) գործադիր տնօրէն Կարէն Վարդանեան՝  նշելով, որ իրենց նպատակն է Հայաստանն ու Արցախը դարձնել բարձր ճարտարագիտութիւններու կերոններ:

Անոր խօսքով՝ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ոլորտի մասնագէտներու արտաքին պահանջարկը շատ մեծ է, եւ իրենք կը փորձեն պատրաստել այնպիսի մասնագէտներ, որոնք պիտի ունենան աշխատանք եւ իրենց գործով օգտակար պիտի ըլլան հայրենի երկրի զարգացման ու շէնացման:

«Մենք կը պատրաստենք երեխաներ, որոնք յետագայի պիտի մտածեն իրենց գործարար ծրագիրներով աշխատանքի համաշխարհային շուկայ ելլելու մասին: Յառաջիկային, Մեքսիքոյտ մէջ պիտի իրականացուի համաշխարհային ռոպոթաշինութեան մրցոյթ, որուն ամբողջ աշխարհէն պիտի մասնակցի 160 խումբ: Չորս մասնակից ալ որոշած ենք մենք ուղարկել: Յոյսով ենք, որ անոնք պիտի արձանագրեն լաւ արդիւնքներ՝ բարձր պահելով Հայաստանի պատիւը»,- մասնաւորապէս ըսած է Կ. Վարդանեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին