Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Արցախեան Գինիի 5-րդ Փառատօնը Տեղի Պիտի Ունենայ Սեպտեմբեր 15-ին

Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ Սեպտեմբեր 15-ին պիտի կայանայ Արցախեան գինիի հինգերորդ փառատօնը։ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ արդէն աւանդական դարձած այդ իրադարձութեան ծրագիրը պիտի ընդգրկէ արցախեան գինիի եւ գիւղատնտեսական տօնավաճառներ, արուեստի ցուցահանդէսներ, համերգ, ժամանցային հետաքրքրական ձեռնարկներ:

Գինիի տօնավաճառը բաց պիտի ըլլայ առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ 20:00, իսկ համերգային ծրագիրը կը նախատեսուի կազմակերպել ժամը 15:00-էն։ Փառատօնի հիւրերուն եւ մասնակիցներուն համար պիտի գործէ ինքնաշարժներու յատուկ երթուղի՝ Ստեփանակերտէն Տող եւ հակառակ ուղղութեամբ:

Արցախեան գինիի փառատօնը 2014-էն կազմակերպուող համապետական ամէնամեայ ձեռնարկն է, որ իր յարկին տակ կ’ընդունի տասնեակ գինեգործներ Արցախէն եւ Հայաստանէն, մշակութային բազմաբնոյթ խումբեր եւ հազարաւոր հիւրեր: Փառատօնին կազմակերպիչն է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը: Գլխաւոր գործընկերը «Կատարօ» գինիի գործարանն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին