«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Լեւոն Տէր Պետրոսեանը պատրաստ է վկայի կարգավիճակով ցուցմունք տալու Մարտ 1-ի գործով:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին ԱԺ-ի մէջ լրագրողներուն յայտնեց ՀԱԿ անդամ Արամ Մանուկեանը:
«Անոնք, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ գործի բացայայտման, պէտք է ներկայանան քննչական ծառայութիւն եւ նիւթեր տան: Այս երկրին մէջ չկայ մէկը, որ աւելի շահագրգռուած է «Մարտ 1»-ի գործի բացայայտումով, քան Լեւոն Տէր Պետրոսեանը»,- ըսաւ Մանուկեանը:
Արամ Մանուկեանի խօսքով` իրենք 10 տարուան մէջ հաւաքած են այն բոլոր նիւթերը, զորս պատրաստ են տրամադրելու արդարադատութիւն իրականացնող մարմինին:
«10 տարի մենք նիւթեր հաւաքած ենք, գիրքեր հրատարակած, ֆիլմեր նկարահանած, դիմած ենք միջազգային եւրոպական բոլոր կառոյցներուն, կազմած ենք հաւանական բոլոր յանցագործներու ցուցակը: Մենք ունինք բոլոր ոստիկաններու ցուցակը, որոնք կեղծ ցուցմունքներ տուած են, բոլոր դատախազներու անունները, որոնք կեղծ մեղադրանքներ ներկայացուցած են: Վերջին աշխատանքը կատարած ենք տակաւին «Մարտ 1-ի» տասնամեակը լրանալէ առաջ: Փաստաթուղթերու ժողովածուի հրատարակութենէն անմիջապէս ետք անոր օրինակները ուղարկած ենք բոլոր շահագրգիռ կողմերուն: Անիկա ամբողջ ժողովածու մըն է, որ բաւական է «Մարտ 1-ի» գործը բացայայտելու համար: Նիւթը այնքան շատ է, որ ամբողջապէս կ’ապացուցէ «Մարտ 1»-ի ոճրագործութեան նախապէս կազմակերպուած եւ իրագործուած ըլլալը»,- նշեց Արամ Մանուկեանը:
Ան լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ նշեց նաեւ, որ «Մարտ 1»-ի գործով անցեալին մեղադրուած անձինք այսօր քննչական մարմինի մէջ ցուցմունք կու տան տուժողի կարգավիճակով:
ՀԱԿ անդամի խօսքով` Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը պէտք է շարունակուի կալանաւորումը մնալ: