«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Նախագահ Միշէլ Աուն Երկուշաբթի յայտարարեց, որ անյապաղ ի գործ պիտի դնէ Աքքար շրջանի նկատմամբ անփութութեան վերացման անհրաժեշտ ջանքերը: Այս մասին կ’իմանանք նախագահական գրասենեակի կատարած յայտարարութենէն:
Աքքարի քաղաքական գործիչներէ եւ տեղական պաշտօնատարներէ կազմուած պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին Աուն վերահասու դարձաւ պատուիրակութեան պահանջներուն եւ շրջանի կարիքներուն:
«Նախագահ Աուն վստահեցուց պատուիրակութեան, որ Աքքարը բոլոր լիբանանցիներուն սրտին մօտ է, քանի որ ան ռազմական կայանի ջրամբարն է: Աւելին, Աքքարի բնակիչները մեծ զոհողութիւններ մատուցած են՝ յանուն Լիբանանի ինքնիշխանութեան կայունութեան, անկախութեան աներերութեան եւ հողային անվտանգութեան պահպանման»,- ըստ յայտարարութեան ըսաւ Աուն:
«Ան ըսաւ, որ անյապաղ ի գործ պիտի դնէ Աքքարի նկատմամբ անփութութեան վերացման անհրաժեշտ ջանքերը՝ առաջին հերթին հանգուցալուծելով անոր ընկերային եւ զարգացման առնչուող խնդիրները, որպէսզի համաչափ զարգացում գրանցուի ինչպէս լիբանանեան այլ շրջաներու, այնպէս ալ Աքքարի մէջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: