Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Ս. Աստուածածին Վանքէն Ներս Տեղի Ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօնական Արարողութիւն՝ Համայն Ազգիս Հայոց Ննջեցելոց

Երկուշաբթի, 13 Օգոստոս 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համանուն մատուռին մէջ մատուցուեցաւ մեռելոցի ս. եւ անմահ պատարագ։

Արդարեւ, մեր եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ հաստատուած կանոններուն համաձայն՝ պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ համայն ազգիս հայոց, ծանօթ թէ անծանօթ, յայնտի թէ անյայտ, ինչպէս նաեւ հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան սիրոյն իրենց արիւնը թափած քաջարի նահատակ հայորդիներու հոգիներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքին մէջ մաղթեց, որ բարձրեալն Աստուած պահպանէ Հայաստանը, հզօրացնէ Արցախը եւ արի կամք ու կորով տայ մեր հայրենիքի սահմանները պաշտպանող մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Պատարագէն անմիջապէս ետք, դարձեալ վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, դպրեվանքի սրբազան յարկին տակ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած հիւրասիրութիւն՝ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու, կաթողիկոսարանի տիկնաց յանձնախումբին, մատաղի պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած կամաւորներուն եւ մայրավանքի մայր տաճարին բանկալի մարմինին։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ կարեւորեց ծառայութեան մեծութիւնը՝ շեշտելով, որ ծառայութիւնը ձեւին, քանակին, չափին կամ տեսակին մէջ չի կայանար, այլ անոր արժէքը կ’իմաստաւորուի ու կ’արժեւորուի ծառայական ոգիին մէջ։ Աւարտին, ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք գիշեր-ցերեկ աշխատելով ու ծառայելով կարողացան Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի շաբաթը կազմակերպել եւ բոլոր աշխատանքները յաջողութեամբ պսակել։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին