«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէ բաւարարուած է ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրարկելու առաջին ատեանի դատարանի որոշումին դէմ պաշտպաններու բողոքը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու համար ստորագրահաւաք իրականացուցած էին ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորները: Ստորագրահաւաքին միացած էր 45 պատգամաւոր, սակայն գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած էր Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ պատգամաւորներու ստորագրութիւններով երաշխաւորագիրը:
Վերաքննիչ քրէական դատարանը Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ պաշտպաններու բողոքը քննեց երկու օր, որմէ ետք յայտարարուեցաւ, որ դատարանի վճիռը պիտի հրապարակուի Օգոստոս 13-ին՝ ժամը 16:00-ին:
2008 թուականի Մարտ 1-2-ն ինկած ժամանակահատուածին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ քրէական գործով ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ
Յարութիւնեանին եւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով, որ անոնք այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը: Միքայէլ Յարութիւնեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, Եուրի Խաչատուրովը 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակուած է, իսկ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորուած է: Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները բողոքարկած էին կալանաւորման որոշումը: