Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Պասիլ Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Շարունակէ Քայլ Պահել Ռուսիոյ Առաջադրած Ծրագիրի Կազմակերպչական Աշխատանքներուն Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ յառաջիկայ շաբաթ պիտի ուղղուի Մուսկուա՝ սուրիացի գաղթականներու տունդարձը իրագործելու նպատակով ռուսական կողմի առաջադրած ծրագիրի պարագային յաջորդ քայլը նախաձեռնելու համար: Այս մասին Երկուշաբթի հաղորդեց «Սփութնիք»-ը:

«Պասիլ Օգոստոս 20-ին պիտի մեկնի Մուսկուա, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ իր ռուս գործընկերոջ Սերկէյ Լաւրովի հետ»,- գործակալութիւնը մէջբերած է արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրի հաղորդումը:
Ըստ աղբիւրին՝ բանակցութիւններուն առանցքային թեման պիտի ըլլայ գաղթականներու տունդարձը ի կատար ածելու նպատակով Ռուսիոյ ներկայացուցած ծրագիրն ու այդ ծիրէն ներս նախաձեռնուելիք անհրաժեշտ քայլերը, ինչպէս համակարգային համատեղ յանձնաժողովի ձեւաւորումը տարածաշրջանային պետութիւններու հետ, ներառեալ Լիբանանը: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին