«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Կասպից ծովի կարգավիճակին մասին «Կասպեան հնգեակի» ստորագրած համաձայնագիրը վստահութիւն կու տայ Ազրպէյճանին:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` ԱԺ-ի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ այսպիսի կարծիք յայտնեց Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը:
«Ազրպէյճանը շատ դրական յարաբերութիւններ կը հաստատէ Իրանի եւ ԵԱՏՄ անդամ Ռուսաստանի ու Ղազախստանի հետ: Համաձայնագիրով նախատեսուած է, որ Կասպից ծովի տարածքին պէտք է բացառուի այլ երկիրներու եւ կառոյցներու ռազմական ներկայութիւնը: Այսինքն` սա ռազմական փաստացի համաձայնագիր է այն երկիրներուն միջեւ, որոնցմէ երկուքը մեր հարեւաններն են: Համաձայնագիրի ստորագրման հանգամանքը վստահութիւն կու տայ Ազրպէյճանին` իր պատերազմական հռետորաբանութեան մէջ»,- նշեց Շարմազանովը:
ԱԺ փոխխօսնակի կարծիքով` հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ այժմ լաւագոյն ժամանակները չեն, ինչ որ անհրաժեշտ է վերադարձնել կայուն վիճակի:
«ՀՀ-ի համար ամենաառանցքային հարցը կը մնայ անվտանգութեան եւ արցախեան խնդիրի կարգաւորման հիմնահարցը: Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ լաւագոյն ժամանակները չեն, ինչ որ պէտք է վերադարձնենք դէպի կառուցողական եւ փոխվստահութեան փուլ, թէեւ մենք այսօր որոշ լարուածութիւն կը տեսնենք այդ յարաբերութիւններուն մէջ: ՌԴ-ն, Ազրպէյճանը, Իրանը, Ղազախստանն ու Թուրքմենիստանը Կասպից ծովի կարգավիճակին վերաբերեալ համաձայնագիր կը ստորագրեն ու կ’ամրացնեն իրենց յարաբերութիւնները»,- ըսաւ Էդուարդ Շարմազանովը:
Օգոստոս 12-ին «Կասպեան հնգեակի» առաջնորդները Աքթաուի մէջ Կասպից ծովի իրաւական կարգավիճակին մասին համաձայնագիր ստորագրեցին, որուն շուրջ աշխատանքները կ’ընթանային 1996 թուականէն:
Ըստ համաձայնագիրի նախագիծին՝ Կասպից ծովի վերին շերտի ընդհանուր մակերեսը կը մնայ կողմերու ընդհանուր օգտագործման տրամադրութեան տակ, իսկ ծովի յատակը եւ միջին շերտը կը բաժնուին հարեւան պետութիւններու միջեւ` միջազգային իրաւունքի եւ փոխադարձ համաձայնութեան հիման վրայ:
Փաստաթուղթը նաեւ կ’արձանագրէ Կասպից ծովուն մէջ արտատարածաշրջանային տէրութիւններու զինուած ուժերու ներկայութեան անթոյլատրելիութիւնը եւ կը սահմանէ, որ մերձկասպեան հինգ երկիրները պատասխանատու են ծովուն անվտանգութեան պահպանման՝ անոր պաշարներուն կառավարման համար: