Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հայ Դիրքապահներուն Ուղղութեամբ Անցնող Շաբաթ Արձակուած Է Աւելի Քան 1800 Կրակոց

Օգոստոս 5-11 ժամանակահատուածին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագօտիին մէջ հակառակորդը հրադադարը խախտած է մօտ 200 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1800 կրակոց:

ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը, մասնաւորապէս, ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկած՝ մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար։

Նշենք, որ Օգոստոս 8-ին՝ ժամը 13:40-ի սահմաններու, Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հարաւ-արեւելեան (Կուրոպատկինօ) ուղղութեամբ տեղակայուած հակառակորդի մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած էր ուժգին պայթում մը, որուն յաջորդած էր մարդկային վայնասուն, իսկ այնուհետեւ մօտ 10 կրակոց: Միջադէպէն հինգ վայրկեան ետք մարտական դիրքին մօտեցած էին շտապ օգնութեան 1 եւ ռազմական այլ տեսակի 5 մեքենայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին