ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Այն մասին, որ դեռ յստակ բանաձեւուած չէ Սփիւռքի նախարարութիւն կոչուած կառոյցի աշխատանքային ոլորտն ու յստակ ընելիքները, արդէն գրած եմ ես։ Ունեցած եմ նաեւ առաջարկներ այդ նախարարութեան անունը փոխելու եւ ընելիքներու շրջագիծը սահմանելու համար։ Այս գրութեան թեման ալ Սփիւռքի նախարարութիւն կոչուածն է։
* * *
Ինչպէ՞ս մեկնաբանենք Սփիւռքի նախարարի ու իր երեք տեղակալներուն հանդիպումը Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ տեղի ունեցաւ 9 Օգոստոս 2018 թուականին։ Հանդիպումի թեման էր Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան համակարգին մէջ Սփիւռքի դերակատարութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։ Առաջին տպաւորութիւնը այն է, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը, ըստ երեւոյթին, կը խարխափէ ու չի գիտեր իր գործունէութեան դաշտը։
Ի՞նչ կը նշանակէ սա։ Նախ ճի՞շդ է եւ նպատակայարմա՞ր է ուրիշ երկրի հպատակի դերակատարութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան վերաբերող հարցերու մէջ, անկախ անկէ, թէ այդ ուրիշը հայ, կիսահայ կամ հոգիով հայ է։ Չէ՞ որ սփիւռքահայը ու յատկապէս այն սփիւռքահայը, որ երկքաղաքացի չէ եւ չունի Հայաստանի հպատակութիւն՝ շատ հասկնալի պատճառներով, չի կրնար մասնակից դառնալ Հայաստանի համար յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ապահովական այս բնագաւառին մէջ։ Իսկ եթէ անիկա ընդունելի ու նպատակայարմար է, ապա այդ մէկը ինչքանո՞վ կը վերաբերի Սփիւռքի նախարարութեան։ Ի՞նչ կ’ընէ Հայաստանի գործադիր նոր իշխանութիւնը։ Ես չեմ ուզեր հիմա աւելի գրել, բայց արդէն պարզ կը դառնայ, որ նորերը երբեմն չեն հասկնար իրենց պատասխանատուութեան լրջութիւնը եւ թոյլ կու տան աններելի սխալներ։
Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այն անձն է, որ օրեր առաջ Նիւ Ճըրզիի մէջ հայ համայնքի հետ հանդիպումի ժամանակ ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ չեն գիտեր ու չեն ճանչնար Սփիւռքը։ Նախ սա ուրկէ՞ եւ ի՞նչ հիման վրայ եզրակացուց նախարարը, որ Հայաստանի մէջ չեն գիտեր Սփիւռքը։ Հայաստանը թէ՛ խորհրդային ժամանակ, թէ՛ անկախութենէն ետք աշխոյժ կապի մէջ եղած է Սփիւռքի հետ։ Մեծ աշխատանք տարուած է։ Այլ հարց, որ քաղաքական նկատառումներով միշտ ալ անտեսուած են որոշ կառոյցներ եւ անձինք, բայց յայտարարել, որ Հայաստանի մէջ չեն գիտեր Սփիւռքը… Իսկապէս բառ չեմ գտներ բնորոշելու սա։
Թերեւս, կամ՝ անպայման, նոյն ինքն անփորձ նախարարն է, որ նոր պիտի գիտնայ Սփիւռքի մասին եւ Սփիւռքի հետ աշխատելու փորձ ձեռք պիտի բերէ։ Մինչեւ գիտնայ, ժամանակի վիթխարի կորուստ պիտի ըլլայ: Իսկ այս ու նման քայլերով արդէն յստակօրէն ապացուցուեցաւ, որ նորերը չեն գիտեր քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգերն ալ, որ որեւէ երկրի հպատակ քաղաքացի ՉԻ ԿՐՆԱՐ ուղղակի ներգրաւուիլ երկրի մը անվտանգութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու հետ կապուած հարցերուն մէջ: Անիկա արդէն ունի լրիւ ուրիշ բնոյթ, հաւանական է, որ լուրջ մեղադրանքներ ներկայանան իրեն որեւէ ատեն։ Հայաստանը արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ նախկին իշխանութիւններու վարած ճիշդ քաղաքականութեան շնորհիւ համարեա հարցեր չունի աշխարհի շատ մը երկիրներու հետ՝ բացի իր հարեւան երկու երկիրներէն։ Եւ դուք պատկերացուցէք, որ եթէ երբեւէ հարցեր յառաջանան ԱՄՆ-ի, Միջին Արեւելքի եւ եւրոպական երկիրներուն հետ, մէկ խօսքով՝ այն երկիրներուն, ուր կազմակերպուած ներկայութիւն է հայութիւնը, ապա տեղի իշխանութեան կողմէ ի՞նչպէս կը մեկնաբանուի այդ երկրի ոեւէ հպատակի կամ տեղի հայկական կառոյցի ներգրաւուիլը մէկ ուրիշ երկրի՝ Հայաստանի ապահովական եւ քաղաքական հարցերուն մէջ։ Այս պարզ ճշմարտութիւնը չե՞ն գիտակցիր նորերը։ Ասոր համա՞ր ալ դասարան պիտի նստին։ Ի՞նչ կ’ընեն իրենք։ Եւ հարց է, որ նոյնիսկ եթէ նպատակայարմար է այդպիսի գործակցութիւն անհատ սփիւռքահայերու կամ սփիւռքահայ կառոյցներու եւ հայաստանեան պետական-պաշտօնական կողմի միջեւ, ապա այդ մէկը պէտք է կազմակերպէ Սփիւռքի՞ նախարարութիւնը՝ իր անփորձ նախարարով եւ անոր անփորձ տեղակալներով։
Սփիւռքի նախարարութիւնը իր հիմնական ընելիքը մոռցած՝ կը զբաղի իրեն չվերաբերող հարցերով, ինչ որ մտահոգիչ երեւոյթ է։ Մտահոգիչ է նախ այն առումով, որ մինչեւ հիմա յստակ չէ այս նախարարութեան ընելիքը։ Երկրորդ՝ նպատակ կայ սփիւռքահայերուն հետ որեւէ յարաբերութիւն կեդրոնացնել այս նախարարութեան մօտ, որ գոնէ ինծի համար բացատրուած չէ, պատճառները պարզ չեն։ Իմ առաջարկս միշտ եղած է Սփիւռքի հետ գործել ապակեդրոն դրուածքով։ Որեւէ ոլորտի նախարարութիւն պիտի ունենայ ենթաբաժանմունք՝ արտաքին կառոյցներու եւ սփիւռքահայերու հետ գործակցութիւնը ծրագրելու եւ կազմակերպելու համար, որուն աշխատանքներուն բնոյթն ու կապերու ձեւը կը մշակուի նոյն այդ ոլորտի գործունէութեան համաձայն՝ լրիւ ապակեդրոն մօտեցումով։ Ինչո՞ւ Հայաստանի հետ սփիւռքահայերու ամէն տեսակ գործակցութիւնը պիտի կեդրոնացուի Սփիւռքի նախարարութիւն կոչուած կառոյցի մօտ։ Սա իրագործելի չէ՝ Սփիւռքի մեծ տարածքն ու բազմաբնոյթ իրականութիւնը նկատի ունենալով։
* * *
Սփիւռքահայերը ունին քաղաքական գործունէութիւն թէ՛ հպատակ երկրի քաղաքական դաշտի վրայ՝ մասնակցելով ընտրութիւններուն, տարբեր կուսակցութիւններուն եւ այլն, թէ՛ Սփիւռքի մէջ կան հայկական բովանդակութեամբ քաղաքական հին ու նոր կազմակերպութիւններ, որոնք սահմանուած շրջագիծէն ներս կը գործակցին հայրենիքին վերաբերող համընդհանուր հարցերու ոլորտին մէջ, ինչը ընդունելի է հպատակ երկրի սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով։ Սփիւռքահայերուն գործակցութիւնը հայաստանեան տարբեր կառոյցներուն հետ, կամ բարեգործական են ու սահմանափակ ուրիշ բնոյթ ունին, կամ ալ քաղաքական են համընդհանուր հարցերու շրջանակին մէջ, օրինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, միջնորդել հպատակ երկրի իշխանութիւններուն մօտ՝ նպաստելու Հայաստանին եւ Արցախին, եւ այն ալ ընդունելի սահմաններու մէջ: Սփիւռքահայը կրնայ համակիր կամ հակառակ ըլլալ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն, ու անոր անհատական ու խմբակցային գործունէութեան պատասխանատուն նոյն ինքն իրենք են։ Իրենք պատասխան պիտի տան ուրիշ երկրի՝ Հայաստանի, հարցերուն միջամտելու համար։ Իսկ պաշտօնական Երեւանի կողմէ քաղաքական ու ապահովական բովանդակութեամբ կազմակերպուած դրուածք եւ կառոյց ունենալ՝ Սփիւռքի եւ սփիւռքահայերուն մասնակցութիւնը ապահովելու նպատակով, արդէն վեր է ամէն տեսակ երեւակայութենէ եւ պատասխանատուութեան զգացումէ։
Կարելի չէ այսպէս վարուիլ Սփիւռքի հետ։ Սփիւռքը անփորձներու համար փորձ կուտակելու դաշտ չէ։ Սփիւռքը իր թուաքանակով աւելի քան երկու անգամն է Հայաստանի բնակչութեան քանակէն: Կարելի չէ խաղալ Հայաստանի անվտանգութեան հետ՝ ուրիշ երկրի հպատակները ներգրաւելու ապահովական կառոյցներու մէջ։ Առաջին ու վերջին հաշուով, Սփիւռքի հայը օտար երկրի քաղաքացի է, որ կ’ենթարկուի հպատակ երկրի օրէնքներուն։
Ու հետաքրքրական է՝ սփիւռքահայերու ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան հարցերուն մէջ կ’ուզէ կազմակերպել նախարար մը, որուն բնորոշմամբ՝ Հայաստանի մէջ չեն ճանչնար Սփիւռքը…