«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի այդ երկրի արժոյթի՝ լիրայի արժեզրկումը՝ չնայած իրավիճակը կարգաւորելու մասին Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատան խոստումներուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Reuters»-ը, թրքական արժոյթը մրցանշային անկում գրանցած է տոլարի նկատմամբ՝ հասնելով մէկ տոլարի դիմաց 7.24 լիրայի:
Կը նշուի, որ այս տարուան ընթացքին թրքական լիրան տոլարի նկատմամբ արժեզրկուած է 18 տոկոսով:
Թուրքիոյ ֆինանսներու նախարար Պերաթ Ալպայրաքը յայտարարած է, որ երկրի կառավարութիւնը լիրայի արժեզրկման դէմ գործողութիւններու ծրագիր մշակած է, եւ այդ ուղղութեամբ քայլերու կը ձեռնարկուին: «Երկուշաբթի առաւօտեան ժամերէն մեր հիմնարկները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերու եւ հանդէս կու գան յայտարարութեամբ»,- ըսած է Ալպայրաքը:
Նախարարը ընդգծած է, որ Թուրքիոյ նոր տնտեսական մօտեցումի կարեւորագոյն հիմքը կ’ըլլայ պիւտճէական կայունութիւնը, եւ հարկային օրէնսդրութիւնը կը համապատասխանեցուի նոր իրավիճակին:
Ան նշած է, որ ծրագիրը պատրաստուած է դրամատուներու եւ իրական տնտեսութեան համար, ներառեալ փոքր եւ միջին առեւտուրը, որոնք աւելի շատ կը տուժեն արտարժոյթի տատանումներէն: Չնայած ֆինանսներու նախարարի այս յայտարարութիւններուն՝ լիրայի արժեզրկումը կը շարունակուի:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ալ յայտարարած է, որ Թուրքիան տնտեսական պատերազմի թիրախին է: Ան Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կոչ ըրած է վաճառել իրենց մօտ պահած տոլարներն ու եւրօները ազգային լիրայի ուժեղացման նպաստելու համար՝ հերքելով խօսակցութիւնները, թէ լիրայի արժեզրկման հետեւանքով Թուրքիան կանգնած է տնտեսական ճգնաժամի առջեւ:
Տոլարներն ու եւրօները վաճառելու մասին Էրտողանի կոչէն ետք տոլարի դէմ Թուրքիոյ խումբ մը քաղաքացիներ ցոյց իրականացուցած են՝ վառելով ԱՄՆ տոլարները: Անոր միացած են նաեւ ցոյցի միւս մասնակիցները:
Ուաշինկթընը պատժամիջոցներու դիմած է Անգարայի հանդէպ՝ ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսոնը Թուրքիոյ մէջ ազատազրկելու համար: Օգոստոս 1-ին ԱՄՆ-ը պատժամիջոցներ սահմանեց Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն հանդէպ, իսկ Օգոստոս 10-ին ԱՄՆ-ի նախագահը յայտարարեց Թուրքիայէն ներմուծուող մետաղի ու ալիւմինիւմի մաքսատուրքերը կրկնապատկելու մասին: Ամերիկացի հոգեւորականին Թուրքիոյ մէջ ազատազրկելու պատճառով ԱՄՆ-ի վերջին օրերուն Անգարայի հանդէպ կոշտ քաղաքականութեան պատճառով թրքական լիրան կտրուկ արժեզրկուած է, ապրանքներու գիները սկսած են բարձրանալ: