Շարունակելով տարիներու աւանդութիւնը՝ Կիրակի, 12 Օգոստոս 2018-ի առաւօտեան 10:00-էն սկսեալ Քեսապի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ քեսապահայերու եւ Սուրիոյ զանազան նահանգներէն ժամանած սուրիահայերու հոծ բազմութեան, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին, քահանայ հայրերուն, ազգ. վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջ. վարչութեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի սուրբ եւ անմահ Պատարագ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Օրուան պատարագիչն էր Հայոց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գեր․ Տ․ Շահան Սրբ․ արք․ Սարգիսեան, որ պատարագի աւարտին նաեւ կատարեց աւանդական խաղողօրհնէք։
Նշենք, որ Շաբաթ, 11 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Քեսապի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնամուտի ժամերգութիւն եւ նախատօնակ Ս․Ատուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով՝ հանդիսապետութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահան Սրբ․արք․Սարգիսեանի։
Ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ միւրոնաթափ աղաւնիի օրհնութիւն՝ սրբազան հօր ձեռամբ եւ Կարպուշեան ընտանիքի մեկենասութեամբ։
Օրհնութեան արարողութենէն ետք կատարուեցաւ միւռոնով առաջին ջրօրհնէքը եւ օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ ներկաներուն։