Օգոստոս 12-ին Հայ առաքելական եւ ուղղափառ սուրբ եկեղեցին տօնեց 5 տաղաւար տօներէն 4-րդը՝ Սուրբ Աստուածածինի վերափոխումը (Խաղողօրհնէք)։
Եկեղեցական միւս բոլոր տօներուն նման այս տօնը եւս մեծ շուքով նշուեցաւ Ախալցխայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր տեսչութեան պատկան բոլոր Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ։
Ախալցխայի եւ Բորժոմիի շրջաններու հոգեւոր տեսուչ, պատարագիչ Հոգշ․ Տ․ Յակոբ աբեղայ Սահակեան յաւուր պատշաճի մեկնեց օրուան խորհուրդը ներկայ հաւատացեալներուն եւ շնորհաւորեց տօնին առիթով։ Պատարագի աւարտին, հոգեւոր հայրերու ձեռամբ օրհնուեցան տարուան խաչքաւոր Արթուր Բալասանեանի եւ հաւատաւոր ժողովուրդին կողմէն բերուած խաղողները եւ բաժնուեցան ներկաներուն։
Akhaltskha.am