«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ:Մանչեսթըրի մէջ հրաձգութեան հետևանքով 10 անձ վիրաւորուեցաւ: Արդարեւ, Բրիտանական Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան հետեւանքով 10 անձ տարբեր մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով Sky News հեռուստաընկերութիւնը, միջադէպը տեղի ունեցած է Մոս Սայդ շրջանին մէջ, որ կ՛իյնայքաղաքի հարաւային հատուածի սահմաններուն մէջ:
Դէպքի վայրը քննական աշխատանքներ կ՛իրականան: Ոստիկանութիւնը կը հարցաքննէ վկաներ, ուսումնասիրելով տեսախցիկներուարձանագրութիւնները:
Ոստիկանութեան ղեկավար Տեպի Տուլին յայտնած է, որ հրաձգութենէն մի քանի ժամ առաջ քաղաքի այդ հատուածին մէջ տեղի ունեցած է Գարիպեան Քառնաւալը, որուն պատճառով փողոցները մարդաշատ եղած են:
«Հիմա հիւանդանոցի մէջ կան մի քանի մարդ տարբեր վնասուաածքներով, սակայն, բարեբախտաբար, անոնց կեանքին այս պահուս վտանգ չի սպառնար»,- աւելցուցած է ան: