«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի եւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի Շաբաթ հանդիպում ունեցան առաջինիս նստավայրին մէջ՝ հնարաւորինս հանգուցալուծել փորձելու նոր կառավարութեան մէջ քրիստոնէական ներկայացուցչութեան հիմնախնդիրը: Այս մասին կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան կատարած յայտարարութենէն:
«Զարգացումները խիստ դրական են: Ի միջի այլոց, խորհրդարանի խօսնակ Նապիհ Պըրրի կ’օգնէ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին, որ յանձնառած է կառավարութեան կազմաւորումը, յարմարաւէտ լուծում գտնելու բոլոր թնճուկային խնդիրներուն»,- ԱԼԳ-ը մէջբերած է Ռիաշիի խօսքը, որ միաժամանակ անդամ է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան:
Պըրրիի Այն Ալ Թինէի նստավայրին մէջ հանդիպումը, որ տեւեց աւելի քան մէկուկէս ժամ, կը ներառուի այն բանակցութիւններու շարքին, զորս վարեցին խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի անցնող մի քանի օրուան ընթացքին, յառաջ մղելու կառավարութեան կազմաւորման աշխատանքները, որ, ինչպէս ակներեւ է, երրորդ ամիսը թեւակոխեց՝ առանց նկատառելի յառաջընթացի: