Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Երբ Արհեստավարժութիւնը Կը Միաձուլուի Գեղարուեստի Հետ Կը Ստացուի Հոյակապ Ներկայացում.

Պէյթ Էլ Տինի Փառատօնը Ներկայացուց Աշխարհահռչակ ԷԼՈՒԱԶ Կրկէսը

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Կրկէսի, թատրոնի եւ պարի խառնուրդ…  Գանատայի Քուէպեք նահանգի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ հաստատուած մէջ ԷԼՈՒԱԶ Կրկէսը դասական համարուող «Մեթրոփոլիս» ֆիլմը վերածեց առերեւոյթանման (virtuosic) ներկայացումի: Մինչ արուեստագէտները կ՛ըմբոստանան, իրենց քաղաքային մոխրագոյն՝  տխուր համազգեստները կը փոխարինուին հիւմորով, գեղեցիկ բանաստեղծութեամբ եւ շողշողուն երանգներու պոռթկումով, այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր երեւակայութիւնը չ’անսար ենթարկուիլ իրականութեան:

Անցնող հինգ տարիներուն, Մոնթրէալի ԷԼՈՒԱԶ կրկէսի համոյթը շրջագայութիւններ կը կատարէր աշխարհի չորս կողմերը ի տես դնելու համընդհանուրի կողմէ ողջունուած «ՍԻՐՔՈՓՈԼԻՍ» ներկայացումը՝ ստանալով գերազանց գնահատականներ: Ի միջի այլոց, կրկէսային կատարողներու միջազգային համոյթը հանրութեան առջեւ հանդէս եկաւ Պէյթ Էլ Տինի Փառատօնի շրջագիծին մէջ յաջորդաբար 9-10-11 Օգոստոս 2018-ին:
Այս երեք օրերուն ընթացքին ԷԼՈՒԱԶ կրկէսի կատարողական խումբը հանդէս եկաւ կրկէսային արուեստներու, թատրոնի եւ պարի կախարդական խառնուրդով, ուր կրկէսային մարմնամարզիկներ եւ բազմակողմանիօրէն օժտուած արուեստագէտներ վիճարկեցին միապաղաղութիւնը, վերակերտեցին իրենք իրենց եւ դիմակայեցին կատարողական արուեստի սահմանները հնարամիտ բեմայարդարումով եւ մեծ պաստառի վրայ սփռուող գերադիական նախագիծերով:

«Մեթրոփոլիս» ֆիլմը (1927, գերմանական արտայայտչապաշտ ոճի, գիտա-երեւակայական ֆիլմ. բեմադրիչ՝ Ֆրից Լանկ) որպէս կը հիմք ծառայէ ներկայացումին համար՝ ձեւաւորումի եւ հայեցակարգի տեսակէտէն, եւ ֆիզիքական կարողութիւնները, որոնք կը սպասուին կրկէսէ մը, առկայ են, բայց խելացիօրէն զսպուած ու յարմարեցուած են սեղմուելու թատրոնի բեմի սահմաններուն մէջ:

Բեմին վրայ հին մետաղեայ գրասեղանը ծածկուած է թուղթի դէզերով, եւ դերակատարները շուտով կը լեցնեն բեմասրահը: Համոյթի անդամները միահամուռ բեմին վրայ կը քալեն յատուկ եւ օւշագրաւ շարժումներով ու ռիթմերով՝ բոլորը հագուած միեւնոյն եւ միագոյն հաստ վերարկուներն ու գլխարկները՝ իբրեւ ծաղրածուներ: Անոնք կը պատկերեն գրասենեակներու մէջ աշխատելու ամէնօրեայ միօրինակութիւնն ու կրկնութիւնը, «առնէտներու մրցումը« ինչպէս կ՛ըսէ արեւմտեան ասացուածքը:

Կատարողներուն կողմէ շաղ տրուած են այլ լեզուներու մէջ կիրարկուող բառեր եւ նոյնիսկ արտայայտութիւններ: Յետոյ կրկէսային մարմնամարզական խմբակ մը առջեւ կու գայ եւ կը սկսի կատարել առաձգական հոյակապ ձեւեր բարդ հաւասարակշռութիւններով, անսովոր ամբարձումերով, եւ վտանգաւոր խաղարկումով:

Չափազանց հաճելի են անոնք գերազանց ճշգրտութեամբ: ԷԼՈՒԱԶ կրկէսը կ’ընդլայնէ մարմնամարզութեան եւ հաւասարակշռութեան կարողականութիւնը իր երեւակայութեամբ եւ պատմութեան մը թեմայական յատուկ մթնոլորտով:

Թատրոնի ետեւի ամբողջ որմը լաւապէս օգտագործուած է որպէս պաստառ ցուցադրութիւններու եւ տեսանիւթերու համար, որոնք ի ցոյց կը դնեն գեղեցիկ պատկերներ եւ տեսարանային տրամաթիք խորութիւն:  Պաստառներու վրայ ներկայացումները կ’ըլլան գեղազարդ եւ ամուր վերացական շէնքեր, հանդիսատեսին վրայ այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ ինք  տեսախաղի մը մէջ կը գտնուի :

Կարմիր հագուստ հագուած կատարող մը կը բերէ մեծ  անիւ եւ կը կատարէ հրեշտակային երաժշտութիւն: Ասիկա անբասիր շարժում եւ շնորհք է, երբ շուռ կու գայ բեմին շուրջ՝ պարելով եւ պտըտուող անիւը պալէտային շարժումներով՝ ափ ի բերան ձգելով բոլորս: Պաստառին վրայ մշտականօրէն կը շարունակուին դառնալ ճարտարարուեստի յատուկ անիւներ տեսողականօրէն ներածելով յաջորդ շարժումը, տեսաերիզի ցուցադրութիւնը այս իւրայատուկ ներկայացում-կրկէսին մէջ շատ կարեւոր է:  Ատիկա շատ արդիւնաւէտ ձեւ է գեղեցիկ տեսարաններ մատուցելու համար, որոնք արագօրէն կը փոխեն բեմին դրուածքն ու ցուցադրուած վայրերը, մինչ տարածքը ազատ եւ բաց ձգելով դերասաններուն ֆիզիքական շարժումներուն եւ ձեւերուն համար:

Աճապարարներու խումբի կատարումները կը դառնան հնարամիտ պար, իսկ խոշոր եւ լայն գեղեցկօրէն ձեւաւորուած անիւին վրայ իւրաքանչիւր մարզիկ կատարողական ներկայացումներով կը հմայէ բոլորը, մինչ ուրիշներ կը կատարեն ժամանակակից պարի շարժումներ:

Ներկայացումի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին բեմասրահը մեծապէս կը պայծառացնեն լուսասարքերը:
Ամենաապշեցուցիչ գործողութիւններէն մէկն է կին մը փորձել օդին մէջ հաւասարակշռել, երբ ան միաժամանակ կը քալէ՝ առանց գետին դպնալու: Ան շատ ճկուն է, երբ հաւասարակշիռ դիրք կը բռնէ եւ կը շարժի իր հինգ արական սեռի ընկերներուն շուրջբոլորը, որոնք իրեն քայլ առ քայլ կ’օգնեն: Դիւրին կը թուի առաջին հայեացքէն, սակայն այս շարժումը խորքին մէջ կը պահանջէ փոխադարձ ուժ եւ վստահութիւն: Իւրաքանչիւր վեց կատարողի ակնաշփումը ուժեղ է:

Տպաւորիչ արար է ոչ միայն կարողութեանց եւ փորձառութեան բարձր մակարդակի, այլեւ թատերական արարքներով լաւ կազմակերպուածութեան համար:
«Սիրքոփոլիս» բարձրորակ համոյթ է, որ կը բաղկանայ խումբ ընկերներէ, որոնք իրար հետ կը հաղորդակցին բառերով եւ հարազատութեամբ անցումային որոշ պահերու ժամանակ: Անիկա ոգեշնչուած է, կ’օգտագործէ որոշ յենակ, ունի արկածախնդրական յանդուգն արարքներ եւ ամէն ինչ լաւապէս զուգորդուած է իրար հարուստ եւ մանրամասնութիւններով լեցուն պատկերներով: Ինքնին հրճուանք էր այս ներկայացման  ներկայ ըլլալը:

Շնորհակալութիւն Պէյթ Էլ Տինի փառատօնի յանձնախումին եւ յատկապէս անոր անդամ՝ Տիկ. Անի Գասարճեանին այս առիթին համար, որ տակաւին երկար տպաւորուած պիտի պահէ իւրաքանչիւր հանդիսատես, սպասելով այս գեղեցիկ համոյթի յաջորդ իրագործումին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին