Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Մանչեսթըրի Մէջ Հրաձգութեան Հետևանքով 10 ԱնձՎիրաւորուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ:Մանչեսթըրի մէջ հրաձգութեան հետևանքով 10 անձ վիրաւորուեցաւ: Արդարեւ, Բրիտանական Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան հետեւանքով 10 անձ  տարբեր մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով Sky News հեռուստաընկերութիւնը, միջադէպը տեղի ունեցած է Մոս Սայդ շրջանին մէջ, որ կ՛իյնայքաղաքի հարաւային հատուածի սահմաններուն մէջ:

Դէպքի վայրը քննական աշխատանքներ կ՛իրականան: Ոստիկանութիւնը կը հարցաքննէ վկաներ, ուսումնասիրելով տեսախցիկներուարձանագրութիւնները:

Ոստիկանութեան ղեկավար Տեպի Տուլին յայտնած  է, որ հրաձգութենէն մի քանի ժամ առաջ քաղաքի այդ հատուածին մէջ տեղի ունեցած է Գարիպեան Քառնաւալը, որուն պատճառով  փողոցները մարդաշատ եղած են:

«Հիմա հիւանդանոցի մէջ կան մի քանի մարդ տարբեր վնասուաածքներով, սակայն, բարեբախտաբար, անոնց կեանքին այս պահուս վտանգ չի սպառնար»,- աւելցուցած է ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին