Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Իշխանութիւնները Կ’աշխատին Մարել Աքքարի Մէջ Բռնկած Հրդեհը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Իշխանութիւններն ու տեղի բնակիչները անկարող են դիմակայել Կիրակի Լիբանանի հիւսիսային մարզ՝ Աքքարի մէջ բռնկած հրդեհը՝ ի հեճուկս զայն մեղմացնելու ուղղութեամբ հրշէջներու ի գործ դրած ջանքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:

Հրդեհը, որ ծայր առած է Շաբաթ Քուպայյաթ գիւղի մօտակայքը, պարբերաբար հասած է մինչեւ 14 մեթր բարձրութեան՝ տարածուելով Աքքար Ալ Աթիքայի եւ Պէյթ Ժաաֆարի մօտակայ աւաններուն վրայ: Յայտնենք, որ զօրաւոր քամիները բացայայտօրէն դժուարացուցած են հրդեհի շիջուցանման գործընթացը:

Տեղի բնակիչները եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան հրշէջները, ԱԼԳ փոխանցմամբ, կ’աշխատէին չափազանց անհարթ տարածութեան մէջ եւ առանց հրդեհաշէջ փողրակի: Այնուամենայնիւ, Կիրակի լիբանանեան բանակի երկու ուղղաթիռներ միացան հրշէջներու աշխատանքերուն՝ հրդեհաշիջումը ի կատար ածելու համար անհրաժեշտ սարքերով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին