Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Ասմունքի Համահայկական Փառատօնի 9 Մրցանակակիրներէն 3-ը Մոսկուայի «Հայորդաց Տան» Սաներ Են

Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի Մոսկուայի «Հայորդաց տան» սաներ` Նաիրա Ալեքսանեան, Մարինա Յակոբեան եւ Էտուարտ Իսկանտարեան դարձան Ասմունքի 7-րդ մրցոյթ-փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիրներ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին յայտնած է Արմինէ Կարէյեան, Յուլիս 30-էն Օգոստոս 3 Շուշիի մէջ իրենց ուժերը չափեցին աշխարհի տարբեր ծայրերէ ժամանած 8-17 տարեկան 120 սաներ: Փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԱՀ ԿԳՍ նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Կասեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան, փառատօնի հովանաւոր Ալեք Պաղտասարեան, աջակից-կազմակերպիչ Սարգիս Գալստեան: Ներկաներուն իր օրհնութիւնը փոխանցեց Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, նախարարի տեղակալը ներկայացուց Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, փառատօնին բարի ընթացք մաղթեցին Վլատիմիր Կասեանը եւ Նարինէ Աղաբալեանը:

«ԱլԵք Պաղտասարեան, Սարգիս Գալստեանի եւ իրենց աջակիցներուն հետ 7 տարի առաջ նախաձեռնեցին փառատօնի իրականացումը: Այդ տարիներուն Շուշին վիրակապերու մէջ էր եւ դժուարութեամբ կը շնչէր: Թերեւս նաեւ անով սկսաւ Շուշիի վերազարթօնքը: Այսօրուան Շուշին շահեկանօրէն կը տարբերի այդ ժամանակուան Շուշիէն, եւ այս փառատօնն այնչափ համահունչ է վերածնուող Շուշիի դիմագիծին»,- իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ  Նարինէ Աղաբալեան:

Ստեղծման օրուընէ ի վեր ժիւրիի գրեթէ անփոփոխ կազմին մէջ ընդգրկուած են բանասէր-գրականագէտներ, դերասաններ: Այս տարի այն կը ղեկավարէր բան․ գիտ․ դոկտոր, փրոֆէսոր Արծրուն Աւագեան: Մրցութային երկու օրերուն ընթացքին ժիւրին լսեց եւ գնահատեց մասնակիցները երեք` 8-12, 13-14 եւ 15-17 տարիքային խումբերու մէջ:

Փառատօնի խորագիրը համանուն էր Արցախեան ազատամարտի 30 եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակներուն: Մոսկուայի «Հայորդաց տան» սաներուն փառատօնին պատրաստած էր կրթօճախի ուսուցչուհի Ալվինա Յովհաննիսեան: 8-12 տարիքային խումբի մէջ 1-ին եւ 2-րդ կարգի մրցանակակիրներ դարձան համապատասխանաբար`  Նաիրա Ալեքսանեան եւ Մարինա Յակոբեան, իսկ 15-17 տարիքային 55 մասնակիցներէն 1-ին կարգի մրցանակի արժանացաւ Էտուարտ Իսկանտարեան` ներկայացնելով «Եռագոյնը Շուշուայ բերդին» ստեղծագործութիւնը:

Փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ելոյթ ունեցան առաջին մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբը, երգիչ Տիգրան Մկրտչեան: Փառատօնի բոլոր մասնակիցներն արժանացան պատուոգիրներու:

Մրցոյթի ողջ ընթացքին ծանօթանալով եւ մտերմանալով իրար` մասնակիցները հեռացան իբրեւ յաղթողներ, որոնք տեսան, ճանչցան հայրենի բնօրրանի  անկիւն մը եւս: Փառատօնի մասնակիցները այցելեցին Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու տեսարժան վայրերը, ներառեալ` Գանձասար, Տիգրանակերտ, Յունոտի կիրճ, Դադիվանք, Նորավանք, իւրովի ընկալեցին եւ իրենցը դարձուցին հայրենի բնօրրանը, ճանչցան զայն ոչ թէ նկարներէն կամ տեսահոլովակներէն, այլ քալեցին հայոց յաղթանակած հողին վրայ եւ վերադարձան` խրոխտ ասմունքը ձգելով անպարտելի Շուշիի եւ հայրենիքի անբաժան մաս կազմող Արցախը տանելով իրենց սրտերուն մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին